Կայացաւ «100 Յայտնիները` Սուրիահայ 100 Երեխաներու Համար» Ձեռնարկը
ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի նախաձեռնութեամբ եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան հետ համագործակցութեամբ կ’իրականացնէ «Պարգեւէ’ ուրախ Ամանոր» խորագիրով ծրագիրը, որուն մեկնարկը տրուած է Դեկտեմբեր 22-ին Արարատ մարզի Դարբնիկ գիւղին մէջ բնակող սուրիահայ եւ իրաքահայ ընտանիքներու երեխաներուն համար կազմակերպուած «Ձեռք ձեռքի` Դարբնիկի համար» ձեռնարկով:
Ծրագիրի «100 յայտնիները` սուրիահայ 100 երեխաներու համար» ձեռնարկը կայացաւ Դեկտեմբեր 23-ին «Ջամբօ» էկզոտիկ փարք-ռեստորանին մէջ, ուր հիւրընկալուեցան երեխաները եւ ծրագիրի մասնակից յայտնիները:
Ողջունելով ներկաները` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկին միացած հայ աստղերուն եւ հովանաւորներուն: «Ձեր տաղանդը, ձեր փառքն ու ճանաչումը այս քայլով եռապատկուեց», – նշեց նախարարը:
Սուրիահայ եւ ուքրանահայ մանուկներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ըսաւ. «Ես ուզում եմ, որ երկիր մոլորակը 2015թ. խաղաղ լինի, եւ հայկական Սփիւռքը աւելի կազմակերպուած ու հայրենակենտրոն դառնայ: Սիրելի՛ երեխաներ, Ձեզանից մի մասը ծնուել է Հայրենիքում, եւ դա ամենամեծ ձեռքբերումն է»:
«Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Լենա Հալաճեան նշեց, որ Հայրենիքի մէջ ապրող սուրիահայ երեխաներու հասակակից հազարաւոր երեխաներ այսօր Սուրիոյ մէջ ցուրտ ու դժուար պայմաններու մէջ կ’ապրին: «Մենք այսօր շատ բաներով երախտապարտ ենք մեր Հայրենիքին», – աւելցուց ան:
ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչը շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ «Ջամբօ» էկզոտիկ փարք-ռեստորանի ողջ անձնակազմին` ձեռնարկը նախաձեռնելու եւ բարձր մակարդակով իրականացնելու համար:
Իր հերթին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան շնորհակալութիւն յայտնեց փարք-ռեստորանի տնօրէն Արտեոմ Վարդանեան եւ նշեց, որ սիրով ընդառաջած է նման բարեգործական ծրագիրի իրականացման:
Այնուհետեւ 100 յայտնի հայեր «100» խորհրդանշական թիւով ամանորեայ անուանական նուէրներ յանձնեցին Հայաստանի մարզերուն եւ Երեւանի արուարձաններուն մէջ բնակութիւն հաստատած 100 սուրիահայ, ինչպէս նաեւ ուքրանահայ երեխաներու:
«Վիտամին» ակումբի տղաները նուէրներ յանձնեցին ութ ուքրանահայ երեխայի, իսկ երաժիշտ, կատակերգակ Գարիկ Պապոյեան իր անձնական հաւաքածուէն կիթառ մը նուիրեց մանուկներէն մէկուն:
Երգչուհի Զարուհի Պապայեան եւ անոր երգի դպրոցի սաները, Արսէն Գրիգորեան /Մրօ/, Պեթին, Տալիթան, Անգելինա Գասպարեան, Լիտուշիկը եւ այլք իրենց երաժշտական կատարումներով ամանորեայ անկրկնելի տրամադրութիւն ապահովեցին սուրիահայ եւ ուքրանահայ մանուկներուն համար:
Ձեռնարկին մասնակից յայտնիներ Առաքէլ Միրզոյեան, Էրիկ Անթառանեան, Լիլիթ Մարգարեան, Գայեանէ Ասլամազեան, Կարէն Գրիգորեան, Հրաչ Մուրատեան, Քրիստինէ Մելքոնեան, Տիանա Գրիգորեան եւ այլք առանձնայատուկ սիրով սուրիահայ մանուկներուն յանձնեցին խնամքով պատրաստուած իրենց նուէրները:
Ձեռնարկին հիւրասիրութիւնը կազմակերպած էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակը, «Երեւանի գարեջուր» ՓԲԸ-ն: