Արի տուն-2015.Սփիւռքահայ երիտասարդները պարուրուած են Հայաստանի սիրով

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Սփիւռքի երիտասարդներու “Արի տուն” հայրենաճանաչութեան ծրագրի մասնակիցները կը շարունակեն պատասխանել “Հայերն այսօր”-ի հարցաթերթիկին:
Սփիւռքահայ պատանիներու եւ աղջիկներու` անկեղծ եւ անմիջական պատասխանները կարդալով կարելի է ըսել, որ անոնք աշխարհասփիւռ ըլլալով հանդերձ պարուրուած են Հայաստանի սիրով, իսկ գիտակցութեան մէջ արթուն կը պահեն հայ ըլլալու գաղափարը:

Ուզեցի զգալ հայրենի հողի ուժը. Մարատ Գասպարեան- (Ուքրանիա, քաղաք Օտեսա)

-Համայնքս աչքերովս

-Շատ լաւ համայնք ունինք: Համայնքի մէջ կը փորձենք հնարաւորինս շատ հայերէն խօսիլ, որպէսզի չկորսնցնենք մեր հայկական արմատները:

-Ի՞նչ պատկերացում ունեցած ես Հայաստանի մասին մինչ այստեղ գալ։

-Կը ցանկայի այստեղի ժողովուրդի հետ ծանօթանալ` հասկնալու համար, թէ ինչպիսին են իրենք եւ ինչպէս կը վերաբերին ինծի: Իմ բոլոր սպասումներս արդարացան…

– Հայաստանը տեսնելէ ետք ինչ զգացումներ ունեցա՞ր

-Հասկցայ, որ սեփական հող ունիմ: Այդ հողը մեր պապերը դարեդար պահպանած են եւ փոխանցած մեզի: Մենք ամէն ինչ պէտք է ընենք, որ չկորսնցենք այդ հողերը, իսկ կորսնցուցածն ալ վերադարձնենք:

-Ինչո՞ւ որոշեցիր մասնակցիլ “Արի տուն” ծրագրին

-Ուզեցի զգալ Հայրենի հողի ուժը:

-Ի՞նչ տուաւ քեզի “Արի տուն” ծրագրին մասնակցիլը

-Ծանօթութիւն Հայաստանի պատմութեան:

-Ծրագրի ծիրէն ներս այցելած ամենատպաւորիչ վայրը այս ընթացքին

-Ամէնէն շատ տպաւորուած եմ Սարդարապատի յուշահամալիր այցելութենէն:

-Յիշարժան դէպք “Արի տուն” ծրագրէն

-Պէտք է ըսեմ, որ “Արի տուն” ծրագրին շատ յիշարժան դէպքեր եղած են, առանձնացնել չեմ կրնար:

Ճիշտ է, ես Վրաստանի քաղաքացի եմ, բայց ինքզինքս միայն հայ կը զգամ.Աշխէն Կակոսեան. (Վրաստան, գիւղ Նինոծմինտա)

– Համայնքս աչքերովս 

-Մեր համայնքի մէջ բազմաթիւ հայեր կ’ապրին: Կազմակերպուած, գործունեայ համայք է: Մէկ բառով` Ջավախքը իմ երկրորդ Հայրենիքն է:

-Ի՞նչ պատկերացում ունեցած ես Հայաստանի մասին մինչեւ այստեղ գալը

–Այսքան ժամանակ Հայաստանի մասին միայն գիրքերու միջոցով պատկերացում ունեցած եմ. միշտ ընթերցած եմ, որպէսզի գիտելիքներուս պաշարը հարստացնեմ: Այժմ, գտնուելով Հայաստանի մէջ, համոզուեցայ, որ ան թանգարան է բաց երկնքի տակ:

-Հայաստանը տեսնելէն ետք ի՞նչ զգացումներ ունեցար

-Տպաւորուած էի յատկապէս Հայրենիքիս գեղեցկութեամբ: Միայն դրական կարծիք ձեւաւորեցի Հայաստանի մասին: Շնորհակալ եմ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, որ ինծի հրաշալի ժամանակ անցնելու հնարաւորութիւն տուաւ:

-Ինչո՞ւ որոշեցիր մասնակցիլ “Արի տուն” ծրագրին

– Որոշեցի մասնակցիլ, քանի որ կը ցանկայի ըլլալ Հայաստանի մէջ: Կ’ուզեմ շատ տեղեկութիւններ ստանալ Հայրենիքիս մասին, որովհետեւ նպատակս է ուսումս այստեղ շարունակել: Ճիշտ է, ես Վրաստանի քաղաքացի եմ, բայց ինքզինքս միայն հայ կը զգամ, եւ այդպէս էլ կը շարունակուի:

-Ի՞նչ տուուաւ քեզ “Արի տուն” ծրագրին մասնակցիլը

-Այս կարճ ժամանակահատուածին ես կրցայ լիովին բացայայտել Հայաստանը, պատմական մանրամասնութիւններ իմանալ հայ ժողովուրդէն, տեսարժան վայրերէն: Շատ շնորհակալ եմ “Արի տուն” ծրագրին, որ հայոց լեզուի դասընթացներուն մասնակցեցայ: Առաձնայատուկ շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ հայոց լեզուի ուսուցիչներուն.անոնք ամէն ինչ ըրին, որ Մայրենին սերտած վերդառնանք մեր երկրները: Այս գեղեցիկ ծրագիրը սփիւռքահայ երիտասարդներուն հայկական հողի ուժը զգալու մեծ հնարաւորութիւն տուաւ:

– Ծրագրի ծիրէն ներս այցելած ամենատպաւորիչ վայրը այս ընթացքին

-Այս օրերուն հասցուցի բազում գեղեցիկ պատմամշակութային վայրեր այցելել: Սակայն ամենատպաւորիչը ինծի համար Խոր Վիրապն էր` իր հին ու նոր մնացած պատմութեամբ:

-Յիշարժան դէպք “Արի տուն” ծրագրէն

-Ամենայիշարժան դէպքը ինծի համար “Արի տուն” ծրագրէն այն օրն էր, երբ մօտէն տեսա յ Արարատը: Այն զգացողութիւնը ունէի, որ ան գիրկս էր: Ակամայէն միտքս եկաւ Եղիշէ Չարենցի “Ես իմ անոյշ Հայաստանիէ բանաստեղծութեան տողերը.

Աշխարհ անցի՛ր, Արարատի նման ճերմակ գագաթ չկայ,

Ինչպէս անհաս փառքի ճամբայ,

Ես իմ Մասիս սարն եմ սիրում…

Հոգիիս մէջ մեծ սէր արթնցաւ դէպի Հայաստանը. Արմինէ Պալոյեան – (Վրաստան, գիւղ Սաթխա)

– Համայնքս աչքերովս

– Մեր համայնքի մէջ հայերը շատ են: Համայնքի մէջ մարդիկ կը հաւաքուին, քննարկումներ կը կազմակերպեն: Իսկ ես կը փորձեմ հետեւիլ այնտեղ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն:

-Ի՞նչ պատկերացում ունեցած ես Հայաստանի մասին մինչեւ այստեղ գալը

-Մինչեւ Հայաստան գալը Հայաստանի մասին տեղեկութիւններ ստացած եմ միայն համակարգիչի միջոցով: Սակայն այդքանը չէր գոհացներ զիս, որ լաւ ճանչնայի Հայրենիքս: Ուստի որոշեցի գալ եւ ծանօթանալ Հայաստանի պատմութեան:

-Հայաստանը տեսնելէն ետք ի՞նչ զգացումներ ունեցար

–Միշտ կ’երազէի Հայաստան գալ եւ մօտէն տեսնել մեր ազգային արժէքները: Հիմա կարծես ինքզինքս թեթեւ զգալ: Հոգիիս մէջ մեծ սէր արթնցաւ դէպի Հայաստան:

-Ինչո՞ւ որոշեցիր մասնակցիլ “Արի տուն” ծրագրին

-Ապրելով Վրաստանի մէջ` շատ քիչ բան գիտէի Հայաստանի մասին. դպրոցէն ներս Հայոց պատմութիւն չենք անցներ: Այդ իսկ պատճառով որոշեցի մասնակցիլ “Արի տուն” ծրագրին:

– Ի՞նչ տուաւ քեզի “Արի տուն” ծրագրին մասնակցիլը

-“Արի տուն” ծրագրին մասնակցիլը ինծի օգնեց ծանօթանալ աշխարհի տարբեր երկրներէ եկած երիտասարդներու հետ եւ աւելի մօտէն ճանչնալ Հայաստանը:

-Ծրագրի ծիրէն ներս այցելած ամենատպաւորիչ վայրը այս ընթացքին

– Ամենատպաւորիչ վայրն ինծի համար Խոր Վիրապ այցելութեան օրն էր:

-Յիշարժան դէպք “Արի տուն” ծրագրէն

-Յիշարժան եղաւ այն դէպքը, երբ վախցայ մտնել Խոր Վիրապի վիհը:

Պատրաստեց Գէորգ Չիչեան

Scroll Up