ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւնը Կ’ամփոփէ. Նախարարի 2015-ի Այցելութիւնները Սփիւռքի Հայ Համայնքներ

«Հայերն այսօրը» կը  ներկայացնէ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի 2015 թուականին ընթացքին կատարած պաշտօնական այցելութիւնները Սփիւռքի  շարք մը համայնքներ:

Հանդիպումներու առանցքին  եղած  են համայնքային կառոյցներու հետ կապերու սերտացումը, համայնքներուն նախարարութեան  ծրագիրներուն ծանօթացնելը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու կազմակերպումը եւ   սուրիահայերուն օգնութիւն ցուցաբերելուն առնչուող հարցերը:

ՀՀ սփիւռքի նախարարի աշխատանքային այցը Լիբանան

Մարտ 12-15 ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան աշխատանքային այցով մեկնեցաւ Լիբանան: Այդ ընթացքին ան մասնակցած է  Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի գլխաւոր եւ այլ ձեռնարկներու, հանդիպում  ունեցած  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի եւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս–Պետրոս Ժթ-ի եւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի եւ համահայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Ապա նախարարը այցելած է Այնճար, ուր հանդիպում  ունեցած է Այնճարի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ ղեկավարութեան հետ: Նախարարը ներկայ  գտնուած է  շարք մը Ձեռնարկներու:

 ՀՀ սփիւռքի նախարարի աշխատանքային այցը Աւստրալիա

Որպէս ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի յատուկ բանագնաց` ՀՀ սփիւռքի նախարարը Մարտ 19-26 մեկնեցաւ  Աւստրալիա: Այստեղ նախարարը հանդիպած է Նոր Հարաւային Ուելսի խորհրդարանի անդամ, Փոխադրութեան նախարար, Հանթեր շրջանի նախարար Կլատիս Պերեճիկլեանը: Սիտնէյի Թումպալոնկ զբօսայգիի Տարլինկ Հարպոր նաւահանգիստին մօտ նախարարը մասնակցած է Սիտնէյի «Հայկական փառատօն 2015»-ին: Սփիւռքի նախարարը մեկնած է նաեւ Գանպերա:

Աւստրալիոյ խորհրդարանին մէջ նախարարը հանդիպած է ազգութեամբ հայ նախարար, Աւստրալիոյ գանձապետ Ճոյ Հոքէյին, ինչպէս նաեւ`  շարք մը աւստրալացի պաշտօնեաներու:

ՀՀ սփիւռքի նախարարի աշխատանքային այցը Ապու Տապի

Մարտ 27-ին Հրանոյշ Յակոբեան Ապու Տապիի Սրբոց նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ մասնակցած է Ծաղկազարդի պատարագին եւ ծաղիկներ դրած եկեղեցւոյ բակի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած խաչքարին:

 ՀՀ սփիւռքի նախարարի այցը Վատիկան

Ապրիլ 12-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին  Վատիկանի մէջ  մասնակցած է Նորին Սրբութիւն Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոս Առաջինի կողմէ Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի կապակցութեամբ մատուցուած պատարագին: Նախարարը պատարագը բնորոշած է որպէս հոգեցունց, հոգեպարար,  պատմական երեւոյթ:

Ան ներկայ  գտնուած է նաեւ Իտալիոյ Նէապոլ քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Քարտինալ Սեպէի կողմէ մատուցուած եկեղեցական արարողութեան ու Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողի` Ջուղայի խաչքարերէն մէկուն կրկնօրինակ խաչքարի բացման եւ օծման արարողութեան:

ՀՀ սփիւռքի նախարարի աշխատանքային այցը Գանատա

ՀՀ սփիւռքի նախարարը  Մայիս 1-4 Գանատայի մէջ հանդիպած է համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ Մոնրէալի քաղաքապետ Տենիս Գոտերի հետ: Մոնրէալի մէջ նախարարը ծաղիկներ տեղադրած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ, ինչպէս նաեւ մասնակցած  «Մարդկութեան համար քայլերթին»:

ՀՀ սփիւռքի նախարարի աշխատանքային այցը Մարսէլ

 Յունիս 19-22 ՀՀ սփիւռքի նախարարի այցը Մարսէլ յագեցած էր բազմաթիւ ձեռնարկներով: Այստեղ գտնուելու օրերուն նախարարը ծաղկեպսակ տեղադրած է Հայոց ցեղասպանութեան  զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին մօտ, ապա այցելած Ցեղասպանութեան ժամանակ զոհուած կանանց յիշատակը մարմնաւորող յուշաքարին: Նախարարը այցելած է նաեւ Մարսէլի հայաբնակ Պոմոն թաղամասի Հայ Առաքելական եկեղեցի եւ Աւետարանական եկեղեցի, ապա մասնակցած ՀԲԸՄ-ի տարեկան հանդիպման: Սփիւռքի նախարարը ներկայ գտնուած է նաեւ Նունէ Եսայեանի «Կա՛նք, պիտի՛ լինենք ու դե՛ռ շատանանք» նշանաբանով համերգին:

Հրանոյշ Յակոբեան հանդիպած է Պուշ Տիւ Ռոնի մարզպետ տիկին Մարտին Վասալի, Մարսէլի քաղաքապետ Ժան-Գլոտ Կոտէնի հետ:

ՀՀ սփիւռքի նախարարի աշխատանքային այցը Պէյրութ

Յուլիս 17-20 ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Պէյրութի մէջ   կը գտնուէր` մասնակցելու «Թռչնոց բոյն» հաստատութեան վերանորոգուած շէնքի եւ թանգարանի բացման, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա-ի գահակալութեան 20-րդ տարեդարձի ձեռնարկներուն եւ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա-ի հովանաւորութեամբ Ճպէյլի «Թռչնոց Բոյն» հաստատութեան մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մասնակցած է Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Փեզիկեան» թանգարանի բացման արարողութեան:

Նախարարը մասնակցած է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսի նախագահութեամբ եւ քրիստոնեայ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ Անթիլիասի   Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուող սուրբ եւ անմահ պատարագին: Այնուհետեւ  Պիքֆայայի մէջ հանդիպում  ունեցած է կաթողիկոս Արամ Ա-ի հետ: ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Պէյրութի մէջ կը գտնուէր ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի յանձնարարութեամբ:

 ՀՀ սփիւռքի նախարարի աշխատանքային այցը Ռումանիա

Սեպտեմբեր 29-էն Հոկտեմբեր 1 ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան աշխատանքային այցով մեկնած էր Ռումանիա:

Այցի ծիրէն ներս Հրանոյշ Յակոբեան հանդիպած է Ռումանիա կառավարութեան կրօնից հարցերով պետական քարտուղար Վիքթոր Օփասկիի,

Ռումանիոյ Սփիւռքի ռումանացիներու հարցերով նախարար Անճէլ Տըլվարի հետ: Նախարարը այցելած է նաեւ Հայոց Առաջնորդարան` հանդիպելու Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տէր Տաթեւ Եպս. Յակոբեանի հետ:

ՀՀ սփիւռքի նախարարի աշխատանքային այցը Նիտեռլանտներ

Հոկտեմբեր 16-18 Նիտեռլանտներու թագաւորութիւն կատարած այցին ընթացքին

Հրանոյշ Յակոբեան աշխատանքային հանդիպում  ունեցած է Ալմելոյի քաղաքապետ Եօն Հերմանս-Ֆլատպելտի հանդիպումը: Այնուհետեւ նախարարը այցելած է Ալմելոյի Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ուր ծաղկեպսակ  տեղադրած է Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրին, իսկ եկեղեցւոյ բակին մէջ  յիշատակի եղեւնիի ծառ տնկած:

Ամսթըրտամի մէջ  տեղի ունեցած Հայ առաքելական «Սուրբ Հոգի» եկեղեցւոյ 300-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին նոյնպէս ներկայ  գտնուած է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

 ՀՀ սփիւռքի նախարարի աշխատանքային այցը Շուէտ

ՀՀ սփիւռքի նախարարի 2015 թուականի պաշտօնական այցելութիւնները Սփիւռքի հայ համայնքներ եզրափակուած է Հոկտեմբեր 23-27  Շուէտ կատարած աշխատանքային այցով:

Հրանոյշ Յակոբեան մասնակցած է Շուէտի Սեօտերթելյէ քաղաքի Սբ. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ օծման արարողութեան: Այնուհետեւ նախարարը հանդիպած է Շուէտի խորհրդարանի (Ռիքստակ) փոխխօսնակ Իզապէլ Տինկիզեանի եւ Սեօտերթելյէի քաղաքապետ Պոել Կոտների հետ:

Նախարարը հանդիպումներ  ունեցած է նաեւ շարք մը հայաշատ քաղաքներու մէջ` Օրեպրոյի եւ Ուփսալայի մէջ:

a-6a-5a-4a-3a-2a1a+7

ա-4

Scroll Up