ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւնը Կ’ամփոփէ. «Սփիւռք» Ամառնային Դպրոց»-2015
2015 թուականի Յուլիս 9-էն Օգոստոս 1 Երեւանի պետական համալսարանին հետ համագործակցութեամբ արդէն 4-րդ անգամ իրականութիւն դարձաւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոց» ծրագիրը: Դասընթացները կազմակերպուեցան հետեւեալ վեց ուղղութիւններով. Հայոց լեզուի արագացուած ուսուցում, Սփիւռքի ուսուցիչներու վերապատրաստում, Սփիւռքահայ երիտասարդ առաջնորդներու, Ազգային երգի ու պարի, Սփիւռքի լրագրողներու, Սփիւռքի համայնքային գործի կազմակերպիչներու դասընթացներ:
Այս տարի Ամառնային դպրոցին մասնակցեցաւ 216 սփիւռքահայ:
«Սփիւռք» ամառնային դպրոց» ծրագիրը կ’իրականացուի 2012 թուականէն: Աստիճանաբար կը մեծնայ ծրագիրին մասնակցիլ փափաքողներու թիւը, դպրոցը կը դառնայ Սփիւռքի մէջ ամենապահանջուած ծրագիրներէն մէկը: Համեմատութեան համար նշենք, որ եթէ 2012 թուականին ծրագիրին կը մասնակցէր 132 սփիւռքահայ, ապա այս տարի մասնակիցներու թիւը գրեթէ կրկնապատկուած է: Ի դէպ, 2016 թուականին եւս կը նախատեսուի շուրջ 250 մասնակից հիւրընկալել Ամառնային դպրոցի տարբեր դասընթացներու:
Ամառնային դպրոցի դասաւանդման գործընթացին ներգրաւուած էին ԵՊՀ եւ այլ համալսարաններու, ինչպէս նաեւ Սփիւռքէն հրաւիրուած մասնագէտներ եւ մշակութային ականաւոր գործիչներ: Բոլոր ուղղութիւններով ուսուցանուեցաւ ազգային երգ ու պար:
Ծրագիրին ընթացքին կազմակերպուեցան հանդիպումներ ՀՀ ԱԺ նախագահ Գալուստ Սահակեանի, ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի, ՀՀ ԱԳ նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեանի, ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուական միջոցներու հետ կապերու վարչութեան պետ Մերի Յարութիւնեանի, հրամանատար Արկատի Տէր-Թադեւոսեանի (Քոմանտոս), երգահան, մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Էդգար Գեանջումեանի, ժողովրդական արուեստագէտ, Երեւանի պատուաւոր քաղաքացի Սուրէն Գեանջումեանի, ՀՀ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Գագիկ Գինոսեանի, «Բերդ» պարախումբի գլխաւոր պարուսոյց Կարէն Գէորգեանի, ԵՊՀ «Մշակոյթի» կեդրոնի երգչախումբի ղեկավար Ռուբէն Կարասեֆերեանի, ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ Արսէն Գրիգորեանի (Մրօ), ՀՀ վաստակաւոր նկարչուհի Աննա Յարութիւնեանի, Վ. Խանամիրեանի անուան պարարուեստի գործիչներու միաւորման նախագահ Գագիկ Մխիթարեանի հետ:
«Սփիւռք» ամառնային դպրոցի բոլոր մասնակիցները հանդիպեցան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ, որուն ընթացքին ներկայացուեցան Հայաստան-Սփիւռք պետական քաղաքականութիւնը, նախարարութեան գործունէութիւնը եւ նախարարութեան կողմէ` 7 տարիներուն ընթացքին իրականացուած ծրագիրները:
Ծրագիրի մասնակիցները հնարաւորութիւն ունեցան նաեւ շրջելու Հայաստանի պատմամշակութային վայրեր (Էջմիածնի Մայր Տաճար, Գառնի, Գեղարդ, Նորավանք, Սմբատաբերդ եւ այլն), այցելեցին կրթամշակութային եւ նորարարական հաստատութիւններ («Այբ» դպրոց, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարան, «Թումօ» կեդրոն):
«Հայոց լեզուի արագացուած ուսուցման դասընթացք»
Այս դասընթացքին մասնակցած է 99 սփիւռքահայ` 9 երկրէ (Ռուսաստան, Ուքրանիա, Վրաստան, Լիբանան, ԱՄՆ, Իտալիա, Սպանիա, Չեխիա, Ռումանիա):
Դասընթացքը կազմակերպուած է ըստ լեզուական իմացութեան մակարդակի` 10 արեւելահայերէնի եւ 2 արեւմտահայերէնի խումբերով: Դասընթացքին ընդգրկուած եղած են ԵՊՀ հանրակրթական ամպիոնի եւ բանասիրութեան բաժանմունքի դասախօսները: Արեւմտահայերէնի դասընթացները իրականացուած են Սորպոնի համալսարանի փրոֆէսոր, Մ. Մաշտոցի անուան լեզուապահպանական կեդրոնի տնօրէն Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանի եւ Զմառի Երանելի Իկանտիոս Մալոյեան դպրեվանքի եւ Սուրբ Միքայէլ ընծայարանի հայոց լեզուի ուսուսցչուհի Սօսէ Փիլաւճեանի կողմէ: Արեւմտահայերէնի դասընթացքը կազմակերպուած է դասախօսներու հեղինակային` լեզուի արագացուած ուսուցման ծրագիրով:
Սփիւռքի հայկական կրթօճախներու հայոց լեզուի ուսուցիչներու, կրթական գործի կազմակերպիչներու վերապատրաստման դասընթացք
Մասնակցութեան 30 յայտադիմումներէն ընտրուած է 27-ը` 8 երկրէ (Ռուսաստան, Ուքրանիա, Թուրքիա, Լիբանան, ԱՄԷ, ԱՄՆ, Պելճիգա, Ֆրանսա): Երեքշաբաթեայ դասընթացներուն մասնակցեցան սփիւռքի ազգային դպրոցներու (ամենօրեայ եւ մէկօրեայ) տնօրէններ, հայոց լեզուի եւ հայագիտական առարկաներու ուսուցիչներ, կրթական գործի կազմակերպիչներ: Դասընթացքը կազմակերպուած է 1 խումբով եւ արեւմտահայերէնի առանձին ենթախումբով, որուն դասաւանդումը կ’իրականացնէր Յակոբ Չօլաքեան:
Սփիւռքահայ երիտասարդ առաջնորդներու դասընթացք
Դասընթացքի 26 մասնակիցները լսած են դասախօսութիւններ առաջնորդութեան, ատոր հայեցակարգային մօտեցումներուն եւ տեսակներուն, առաջնորդի բնութագրիչներուն, ընկերային ցանցերու արդիւնաւէտ օգտագործման, քաղաքական առաջնորդութեան մասին, մասնակցած մարդկային պաշարներու կառավարման, տեղեկատուական պատերազմներու եւ հակահայկական քարոզչութեան դէմ պայքարի արդիւնաւէտ միջոցներուն, հայրենադարձութեան եւ համահայկական երիտասարդական ծրագիրներուն, Սփիւռքի երիտասարդական կազմակերպութիւններու հիմնական խնդիրներուն եւ լուծման ուղիներուն նուիրուած քննարկումներուն: Որպէս արդիւնք պէտք է նշել, որ դասընթացքի մասնակիցները բացին Facebook-եան էջեր` յետագայ գործողութիւններու, համագործակցութեան, տեղեկատուութեան փոխանակման նպատակով:
Ազգային երգի ու պարի խմբավարներու, պարուսոյցներու վարպետութեան դասընթացք
Դասընթացքը այս տարի ունեցաւ 29 մասնակից 6 երկրէ (Ռուսաստան, Ուքրանիա, Պելառուս, Վրաստան, Քուէյթ, Ֆրանսա): Այս դասընթացքի առաւելութիւններէն մէկն ալ այն է, որ մասնակիցները ստացած նոր գիտելիքներն ու հմտութիւնները կը փոխանցեն իրենց համայնքներէն ներս գործող խումբերուն` այդպիսով անուղղակիօրէն բազմապատկելով դասընթացքի մասնակիցներու թիւը:
Սփիւռքահայ լրագրողներու դասընթացք
Սփիւռքի 20 երիտասարդ լրագրողներ հնարաւորութիւն ունեցան տեսական եւ գործնական գիտելիքներ ստանալ Հայաստանի ճանչցուած եւ բազմափորձ լրագրողներէն: Ծրագիրի մասնակիցները դասընթացքի օրերուն արդէն սկսան լրատուական նիւթեր պատրաստել Ամառնային դպրոցի լրագրողներու ծրագիրով իրականացուող ձեռնարկներու մասին եւ զետեղել իրենց լրատուամիջոցներուն մէջ, ինչպէս նաեւ յօդուածներ ու ակնարկներ հեղինակել, որոնք տեղ գտան նախարարութեան «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականին մէջ:
Համայնքային գործի կազմակերպիչներու դասընթացք
Այս դասընթացներուն մասնակցած են 15 սփիւռքահայեր 8 երկրէ (Ռուսատան, Ուքրանիա, Վրաստան, Պելառուս, ԱՄՆ, Գանատա, Պուլկարիա, Էսթոնիա):
«Սա մի հարթակ է, որը հնարաւորութիւն է տալիս շփուել միմեանց հետ եւ ամրապնդել Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք կապը: Դա գերակայ խնդիր է կառավարութեան համար, եւ մենք ջանք ու նիւթական ռեսուրս չենք խնայելու, որպէսզի այս ձեւաչափով մեր շփումներն ու կապերն ամրապնդենք: Դա բխում է մեր պետութեան շահերից, եւ ես սա համարում եմ ազգանուէր, հայանպաստ ծրագիր», – «Սփիւռք» ամառնային դպրոց-2015» ծրագիրի մասնակիցներուն հետ հանդիպման ժամանակ նշած է ՀՀ կառավարութեան ղեկավարը:
Յիրաւի, ազգանուէր ու հայանպաստ ծրագիր, որ տարիէ տարի աւելի կ’ամրանայ ու կը հզօրանայ: Եւ ուրեմն, բարի՛ ընթացք «Սփիւռք» ամառնային դպրոցին յաջորդ` 2016 տարուան:
Ամառնային դպրոց-2015-ի լաւագոյն հատուածները՝ մեկ տեսանիւթի մէջ: