Հայկական Առեւտրաարդիւնաբերական Պալատներու 3-րդ Համաժողովը §Ֆրանս-Հայկական Գերազանցութեան Շաբթուան» Ծիրէն Ներս
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայկական առեւտրային ցանցի նախաձեռնութեամբ մեկնարկեց Հայկական առեւտրաարդիւնաբերական պալատներու 3-րդ համաժողովը, որուն մասնակցեցան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Ռումանիոյ Տնտեսութեան նախարար Վարուժան Ոսկանեան, Հայկական առեւտրային ցանցի (ՀԱՑ) նախագահ Վահրամ Փիրջանեան եւ Հրաչ Գասպար Քանաքայէն, փոխնախագահ Ժաք Աւտոյեան ֆրանսայէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Արցախի, Աւստրալիոյ, Պելճիգայի, Քանատայի, Իրանի, Ռուսաստանի, Ֆրանսայի, Յունաստանի, Լիբանանի, Արժանթինի, Իտալիոյ եւ Սպանիոյ առեւտրաարդիւնաբերական պալատներու ղեկավարներն ու ներկայացուցիչները: ՀՀ սփիւռքի նախարարին կ’ուղեկցէր Ֆրանսայի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վիգէն Չիտեչեան: Հայկական առեւտրային ցանցի առաջին համաժողովը տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ, երկրորդը` Փարիզի մէջ:
ՀՀ տնտեսական քաղաքականութեան եւ Հայկական առեւտրական ցանցի ընելիքներու մասին զեկուցումով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ան մասնաւորապէս ներկայացուց երկրի մաքրոտնտեսական ցուցանիշները, վերջին տարիներու փոփոխութիւնները, միջազգային գնահատականները ներդրումային միջավայրի, օրէնսդրական փոփոխութիւներու եւ §Տուինգ բիզնեսի» գնահատականներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ սփիւռքահայերու ներդրումներու մասին: Նախարարը ընդգծեց առեւտրաարդիւնաբերական պալատներու կողմէ նեդրումներու խրախուսման, անոնց աճեցման, աշխատատեղերու ստեղծման, աղքատութեան եւ արտագաղթի կրճատման ուղղուած քայլերուն հայ գործարարներու աշխոյժ մասնակցութեան կարեւորութիւնը:
Հրանոյշ Յակոբեան առաջարկեց յաջորդ տարի չորրորդ համաժողովը կազմակերպել Հայատանի մէջ, ապա աշխատանքները շարունակել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ: Համաժողովին ընթացքին զեկուցումներով հանդէս եկան բոլոր մասնակիցները: Համաժողովի պատուաւոր հիւր, Ռումանիոյ Հանրապետութեան Տնտեսութեան նախարար Վարուժան Ոսկանեան ներկայացուց համաշխարհային տնտեսական զարգացման միտումները:
Ֆրանս-հայկական գերազանցութեան շաբթուան ծիրէն ներս ներկայացուեցան Երեւան քաղաքի, ՀՀ Գեղարքունիքի եւ Լոռիի մարզերու զարգացման ծրագիրները:
§Սինոփսիս Արմէնիա» ընկերութեան տնօրէն Յովիկ Մուսայէլեան ներկայացուց ընկերութեան գործունէութիւնը եւ Հայաստանի մէջ յաջողութեան հասնելու նախապայմանները: Ան նշեց, որ բարձր տեխնոլոկիաներու բնագաւառին մէջ Հայաստանը վերջին տարիներուն ունեցած է աննախադէպ յառաջընթաց, որու հիմնական երաշխիքը որակեալ մասնագէտներն են, պետութեան աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ երիտասարդութեան մեծ հետաքրքրութիւնը ոլորտի նկատմամբ:
§Կիլիկիա» ընկերութեան տնօրէն Աշոտ Բաղդասարեան ներկայացուց իր ղեկավարած ձեռնարկութեան գործունէութիւնը եւ ոլորտի շուկայական հնարաւորութիւններն ու առկայ խնդիրները: Իր խօսքին մէջ ան կարեւոր համարեց հայ գործարարներու ներդրումները Հայաստանի եւ Արցախի սոցիալ-տնտեսական զարգացման եւ յետագայ յառաջընթացի ապահովման գործին:
ՀՀ Գեղարքունիքի եւ Լոռիի մարզերու սոցիալ-տնտեսական զարգացման առաջնահերթութիւնները ներկայացուցին մարզպետներ Ռաֆիկ Գրիգորեանն ու Արթուր Նալպանտեանը: Գաւառի պետական համալսարանի ղեկավար Ռուզաննա Յակոբեանը ներկայացուց համալսարանի` որպէս Գեղարքունիքի մարզի կրթական, գիտական, մշակութային կեդրոնի հիմնական առաքելութիւնը, քսանամեայ համալսարանի գործունէութեան առանցքային ուղղութիւնները, Եւրոպական Միութեան կողմէ ֆինանսաւորուող Erasmus Mundus և Tempus արտաքին համագործակցութեան ծրագիրներուն համալսարանի մասնակցութեան արդիւնքները:
Հայկական առեւտրային ցանցի անդամներու որոշմամբ յաջորդ համաժողովը կը նախատեսուի իրականացնել Հայաստանի մէջ: Համաժողովը շարունակեց իր աշխատանքները մինչեւ յունիս 24: