Էրտողանը Կը Փորձէ Զոհի Եւ Դահիճի Մէջ Հաւասարութեան Նշան Դնել. Հրանոյշ Յակոբեան

Այսօր` ապրիլ 24-ին, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի` նախօրէին ըրած ուղերձին: Նախարարի կարծիքով` Թուրքիոյ վարչապետը հերթական անգամ կը ցանկայ ցոյց տալ, որ ինքը ինչ-որ բան կ’ընդունի:

«Անընդունելի եմ համարում նրա յայտարարութիւնը, որովհետեւ նա փորձում է զոհի եւ դահճի մէջ հաւասարութեան նշան դնել:

Դա հնարաւոր չէ, իսկ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտել, չընդունել նշանակում է, որ Թուրքիայի այսօրուայ իշխանութիւնները շարունակում են ոճրագործութիւնը, որովհետեւ ակնյայտ է, որ ցեղասպանութիւնը չընդունելը եւս յանցագործութիւն է»,- ըսած է Սփիւռքի նախարարը:

Նախարարը կը հաւատայ, որ Թուրքիան պէտք է ժողովրդավարացուի, իսկ թրքական հասարակութիւնը պէտք է առերեսուի իր ոճրագործութեան հետ:

«Մենք պէտք է հասկնանք, որ 100-ամեակը սկիզբն է այն մեծ ահագնացող գործի, որ կատարելու է հայ ժողովուրդը, որին միանում են հարիւրաւոր ազգեր, պետութիւններ: Օտարների խօսքը եւս շատ էական է` կարեւոր այս խնդիրը առաջ տանելու համար»,- կարծիք յայտնած է նախարարը:

Անդրադառնալով Սփիւռքի եւ նախարարութեան քայլերուն` Յակոբեան նշած է․

«Պետական քաղաքականութիւնը եւ Սփիւռքի ցանկութիւններն այսօր համընկնում են, եւ ես հպարտ եմ, որ աշխարհի որեւէ կէտում չկայ որեւէ հայ, հայկական կազմակերպութիւն եւ համայնք, որն այսօր չի պայքարում եւ իր պահանջներն առաջ չի տանում»,- աւելցուցած է նախարարը:

Scroll Up