Արցախի Նախագահը Լոս Անճելըսի Մէջ Մասնակցած է Հեռուստամարաթոնի Կալա Ձեռնարկին

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Նոյեմբեր 23-ին Լոս Անճելըսի մէջ մասնակցած է “Հեռուստամարաթոն-2014”-ի ծիրէն ներս կազմակերպուած կալա ձեռնարկին եւ հանդէս եկած է ելոյթով:
Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն կը յայտնեն, թէ նախագահ Սահակեան անդրադարձած է Արցախի կեանքին, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, տարածաշրջանային գործընթացներուն, կարեւորած է Սփիւռքի հետ համագործակցութիւնը:
Խօսելով “Հեռուստամարաթոն-2014”-ի հիմնական նպատակը հանդիսացող Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի կառուցման մասին` երկրի ղեկավարը զայն բնութագրած է որպէս Արցախի եւ ամբողջ հայ ժողովուրդի համար ռազմաքաղաքական ու ընկերա-տնտեսական առանցքային նշանակութիւն ունեցող ծրագիր:
Նախագահ Սահակեան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մատուցած ծառայութիւններուն համար բարերար Ճերալտ Թրփանջեանին յանձնած է “Մեսրոպ Մաշտոց” շքանշան:
Արցախեան կողմէն ձեռնարկին կը մասնակցէին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Սարգսեան, պաշտօնատար այլ անձիք: