Ֆրանսայի Հայկական Հիմնադրամը Պիտի Օգնէ Սուրիահայերուն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/11/Untitled-110.jpg)
Նոյեմբեր 5-ին Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամը լրացուցիչ 40 հազար եւրոյի օգնութիւն փոխանցած է Սուրիոյ հայութեան: Այն հաւաքուած է նուիրատուութիւններու արդիւնքով, որուն մասին կոչ ուղղուած էր Յունիս 19-ին:
Այս մասին ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը` վկայակոչելով «Nouvelles d’Armռnie»-ն: Բացի այդ, Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամը Կիլիկիոյ կաթողիկութեան միջոցով Սուրիոյ հայ համայնքներուն արդէն 250 հազար եւրօ փոխանցած է:
Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամը կը ծրագրէ Սուրիոյ հայերուն համար աւելի շատ օգնութիւն հաւաքել հեռախօսամարաթօնի ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 19-23 Մարսէլի, Լիոնի, Թուլուզի եւ Փարիզի մէջ:
Սուրիոյ մէջ պատերազմի եւ ճիհատականներու աւերիչ գործողութիւններու հետեւանքով Հալէպ ու Քեսապ քաղաքներու հայ համայնքներն անյապաղ օգնութեան կարիքը ունին, որպէսզի կարենան պահպանել իրենց դպրոցները, հաստատութիւններն ու սոցիալ-բժշկական ենթակառուցուածքները: