Հայ Երիտասարդը ՄԱԿ-ի ՄԻ-ի Գերագոյն Յանձնակատարին Կը Փոխանցէ Սուրիոյ Իր Ժողովուրդի Տառապանքը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/11/Untitled-138.jpg)
Սուրիական ճգնաժամը իր ազդեցութիւնը ունեցաւ հարիւրաւոր տարիներ առաջ Հալէպի մէջ բնակող հայութեան վրայ:
Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած է փոքրամասնութիւններու ընկերակցութեան հարցերով ծրագիր: Ծրագիրին մասնակցած են տարբեր ազգերէ եւ կրօններէ 13 մարդ, 5 շաբթուան ընթացքին ներկայացուցած են ՄԱԿ-ի մեքենականութիւնը մարդու իրաւունքներու եւ յատկապէս փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան հետ առնչուող հարցերը: Այս մասին կը յայտնէ ՄԱԿ-ի արաբական ձայնասփիւռի կայքը։
Ծրագիրին մասնակցած է Հալէպահայ փաստաբան Գէորգ Յակոբճեան՝ յանձնաժողովին ներկայացնելու Սուրիոյ հայութեան տառապանքը: Յակոբճեանին լրագրող Պասմա Ալ պաղղալի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է,- «Սուրիոյ մէջ մենք կը տուժենք տարբեր առումներով, սոցեալ-տնտեսական, անվտանգութեան, եւ յատկապէս Հալէպի մէջ, ժողովուրդը կը տառապի ծառայութիւններու բացակայութեան պատճառով եւ երբեմն առեւանգնման վտանգէն, ռմբակոծութիւններէն քանի որ հայերու տուները կը գտնուին ընդդիմութեան եւ կառավարութեան զինեալ ուժերու տարանջատման տարածքներուն մէջ: Հայերէն շատերը լքեցին Սուրիան բայց անոնք հաւատարիմ կը մնան իրենց երկրին բոլոր իմաստներով:
Երիտասարդ փաստաբանը կ’աւելցնէ ըսելով, «Ես մասնկացած եմ Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարի ծրագիրին, որպէսզի ՄԱԿ-ին փոխանցեմ հայ փոքրամասնութեան տառապանքը, ողբերգական իրադարձութիւնները, որոնք տեղի կ’ունենան Սուրիոյ մէջ:
Հայերը Սուրիոյ մէջ քաղաքացիներ են, հարիւրաւոր տարիներ առաջ գաղթած են Սուրիա, աւելի ապահով վայրեր գտնելու, Հայոց ցեղասպանութենէն ետք հազարաւոր հայեր հասած են Սուրիա, ուր արաբ ժողովուրդը ապահով ապաստան տուած է իրենց եւ արժանապատիւ կեանք: Դարերու ընթացքին հայերը մասնակցած են Սուրիոյ կառուցման գործին, եւ իրենց նպաստը ունեցած՝ արդիւնաբերութեան, մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան ու առողջապահութեան ոլորտներէն ներս»:
Հալէպի մէջ հայերը ինչպէս նաեւ միւսները շատ տուժած են Սուրիոյ ճգնաժամին պատճառով, ծրագիրին նպատակն է մարդոց օգնել հասկնալու իրենց իրաւունքները։
Ծրագիրի աւարտին` Նոյեմբեր 25-ին, կը նախատեսուի հայ փաստաբան Գէորգ Հակոբճեանի մասնակցութիւնը «Բռնութեան եւ դաժան յանցագործութիւններու կանխարգելում եւ յատկապէս փոքրամասնութիւններու դէմ» խորագիրով ժողովին: