Մարսէլի Քաղաքապետը Դիմած Է ՖՖՖ-ին` Ֆրանսա – Հայաստան Ընկերական Հանդիպումն Իր Քաղաքին Մէջ Իրականացնելու Խնդրանքով

Մարսէլի քաղաքապետ Ժան-Քլոտ Կոտէնը դիմած է Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահին`  Ֆրանսա– Հայաստան ընկերական հանդիպումն իր քաղաքին մէջ իրականացնելու խնդրանքով, կը տեղեկացնէ armennews-ը :

2015-ի Հոկտեմբեր 8-ին կայանալիք հանդիպումը նախատեսուած է իրականացնել « Սթատ Տէ Ֆրանս» խաղադաշտին մէջ, սակայն Կոտէնը կը փափաքի, որ այն կայանայ Մարսէլի «Վելոտրոմ» խաղադաշտին մէջ:

Հանդիպումը նուիրուած պիտի ըլլայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ երկու երկիրներու բարեկամական կապերու ամրապնդման:

Ֆրանսայի մէջ ամենամեծ հայկական համայնքը  Մարսէլի մէջ է, եւ քաղաքապետը վստահ է, որ հանդիպումը պիտի ըլլայ մեծ իրադարձութիւն :

Scroll Up