Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Առիթով Մարսէլահայ Մարմնամարզիկը Պիտի Բարձրանայ Էվերեսթ
Հոկտեմբեր 30-ին Մարսէլի ԺԱՖ մշակութային միութեան մէջ «Վազք յանուն յիշողութեան» միութեան կազմակերպմամբ ներկայացուեցաւ Արա Խաչատուրեանի «1915-2015 էվերեսթը յիշողութեան համար» ծրագիրը:
Այս մասին ինչպէս կը տեղեկացնէ courirpourlamemoire.com կայքը, 2015 թուականի գարնան, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով, մարսէլահայ մարմնամարզիկ Արա Խաչատուրեան պիտի սկսի վերելք դէպի Էվերեսթ լեռ` ի նշան խաղաղութեան եւ յիշատակման:
Էվերեսթը աշխարհի ամենաբարձր լեռն է` ծովի մակարդակէն 8 848 մ բարձրութեան վրայ կը գտնուի: