Քեսապահայերը եւս կը յիշեն ու կը պահանջեն
Քեսապի հոգեւոր հովիւ Նարեկ Լուիսիյեան ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ հրապարակած է լուսանկարներ Քեսապի Հայ կաթողիկէ Ս. Միքայէլ Եկեղեցիէն, ուր վերջին նախապատրաստական աշխատանքները կը կատարեն Ապրիլ 24-ի Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը ոգեկոչող պատարագէն առաջ: Այս մասին կը գրէ Galatv.am կայքը:
Պատարագի ժամանակ քեսապահայերը պիտի յիշատակեն նաեւ ինչպէս քահանան կը գրէ «Հայ ազգի վերջին նահատակները» եւ քեսապցի երիտասարդ Գէորգ Ճուրիյեանը, որ սպաննուեցաւ քեսապցիներու վերջին տեղահանութիւններուն ժամանակ:
Ինչպէս կը գրէ հոգեւոր հովիւը, պատարագի աւարտին պիտի օրհնուին երկու սրբանկարներ:
Յիշեցնենք, որ քեսապահայերու վերջին տեղահանութիւններուն ժամանակ, երբ քեսապահայերը պատսպարուած էին Լաթաքիոյ հայկական եկեղեցւոյ մէջ, աւերուած էր ամբողջ հայաբնակ Քեսապը, ինչպէս նաեւ այս եկեղեցին: Քեսապահայերու հանգանակութիւններուն շնորհիւ դարձեալ աւերակներէն վեր յառնեց այս գեղեցիկ կոթողը:
Իսկ աւելի վաղ դարձեալ ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ Քեսապի հոգեւոր հովիւը նկարներ հրապարակած է եւ վերնագրած ատոնք` «Կը յիշեմ ու կը պահանչեմ`……Կեսարիոյ` Մուշ քաղաքը եւ Սասունի լեռները»: