Գէորգ Քոլանեան. Ես Նոյնպիսի Հայ Կ’ըլլայի Եթէ Մայրս Հայ Ըլլար…
Հոկտեմբեր 25-28 կայացած «Երեւան շօ-2014 ոսկերչական միջազգային ցուցահանդէսին կը մասնակցէր «Orofasma» ընկերութեան տնօրէն Գէորգ Քոլանեան, որուն հետ զրուցած է «Հայերն այսօր»-ը.
-Ադամանդագործութեամբ կը զբաղիմ 1975 թուականէն, անձնական պիզնես սկսած եմ 1988 թուականին. ունիմ ոսկերչական իրերու արտադրամաս: Առաւելաբար մեծաքանակ առեւտուրով կը զբաղիմ:
Երեք տարի առաջ «Orofasma» ընկերութիւնը ոսկեայ զարդերու արտադրութեան մէջ սկսաւ կիրառել շարժուղ ադամանդի գործելաձեւը, զոր անուանած ենք` Eternal Love Diamond (Յաւէրժական սիրոյ ադամանդ): Սա ոսկերչութեան մէջ նորարարութիւն է, որ եւ սկսած ենք տարածել Եւրոպայի մէջ: Կը ցանկանք զայն տարածել ամբողջ աշխարհի մէջ:
Eternal Love Diamond-ի առաջին ցուցադրութիւնը կայացաւ անցեալ տարի Հայաստանի մէջ` «Երեւան շo-2013-» ժամանակ: Ան շատ լաւ ընդունուեց եւ բազմաթիւ դրական արձագանգներ ստացանք: Յոյսով եմ, որ աշխարհով մէկ կը տարածենք այս նոր գաղափարը:
– Հետաքրքիրական է, մտայղացումը ինչպէ՞ս է յառաջացաւ:
– Կարծեմ` տեղեակ էք, որ Յունաստանը ճգնաժամի մէջ է: Երբ երկրի մէջ, մարդոց կեանքի մէջ ամէն ինչ նորմալ ընթացքի մէջ է, կարծես կեանքը քեզ իր հետ կը տանի: Իսկ երբ դժուարութիւններ կը սկսին, սկսում ես աւելի շատ մտածել, թէ ինչ պէտք է անես, որ ուրիշներից տարբերուես: Քանի որ ես ադամանդի մասնագէտ եմ, պտտուող ադամանդի այս գաղափարն յղացայ:
– Իսկ «Orofasma»- ի՞նչ կը նշանակէ:
– Ոչինչ (ժպտի-հեղ.), անուն է, որը պէտք է տարբեր ըլլայ միւս անուններէն: Իսկ եթէ առանց կատակի, Oro-ն իտալերէն կը նշանակէ` ոսկի, fasma-ն յունարէն բառ է, որ կը նշանակէ`սփեքթր, լուսակ:
– Պարո՛ն Քոլանեան, ինչքա՞ն ժամանակ է, որ կը համագործակցիք Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային միութեան (AJA) հետ:
– Մօտ 17 տարի` AJA-ի հիմնադրման օրերէն: Երբ Գագիկ Գէորգեան ստանձնեց միութեան ղեկը, հասցուց այնպիսի բարձունքներու, որ հիմնադրման սկիզբը չէինք ալ կրնար երեւակայել:
AJA-ի նպատակներէն մէկն ալ այն է, որ Հայաստանի մէջ զարգանայ ոսկերչութիւնը: Հայ ոսկերիչները ամբողջ աշխարհի մէջ ճանչցուած են եւ պէտք է զարկ տանք այս գործին:
Շատ կարեւոր է նաեւ, որ երկիրն ալ մեզի համար նպաստաւոր պայմաններ ստեղծէ, որպէսզի ենթահող ունենանք Հայաստանի մէջ:
Հայրենիքի մէջ պիզնես հիմնելու ամենաառաջին շարժիչ ուժը հայրենասիրութիւնն է, ոչ թէ որովհետեւ աւելի աժան է. աժան երկիրներ աշխարհի մէջ շատ կան: Բայց պիզնեսի մէջմ հայրենասիրական մղումներդ «անսպառ» չեն կրնար ըլլալ: Երբ սկսիս վնասով աշխատիլ, ակամայ պիտի կորսնցնես ամէն ինչ ու դադարեցնես գործդ:
Հաւանաբար խօսքերս քիչ մը կտրուկ են, բայց այս է իրականութիւնը:
Այս փոքրիկ երկիրը պահելու համար մենք պարտականութիւն, պարտաւորութիւն ունինք: Բայց ոչ թէ միայն մենք, այլ` բոլորս: Պէտք է հասկնալ, որ ձեռք-ձեռքի տալով միայն կրնանք յաջողիլ: Հայու ձեռքը ոսկի է եւ ոսկի ալ կ’արտադրէ: Բաւական է, որ այդ ձեռքը ազատ ձգուի ու աշխատի:
Պիզնեսը կայունութիւն կը սիրէ, եւ կայունութիւնը պէտք է բոլոր կողմէն ըլլայ. Կառավարութեան, երկրի պայմանները պէտք է նպաստեն: Այս ամէնը ենթահող պէտք է պատրաստեն, որ պիզնեսը զարգանայ Հայաստանի մէջ ու ժողովուրդը ստիպուած չըլլայ մեկնելու երկրէն: Ես այս բոլորի անձնական փորձը ունիմ: Երբ տարիներ առաջ իմ բարեկամներէն մէկը ըսաւ, որ կ’ուզէր Յունաստան գալ, ես անոր հարցուցի` կ’ուզե՞ս ես օգնեմ քեզի, որ ոսկերիչ դառնաս ու քու գործդ ունենաս: Այսօր ուրախութեամբ պէտք է ըսեմ, որ այդ երիտասարդը ոսկերիչ դարձաւ` լաւ ոսկերիչ, ընտանիքի, զաւակի տէր դարձաւ եւ մնաց Հայաստանի մէջ:
– Պարո՛ն Քոլանեան, հայերու մէջ ոսկերչութիւնը ընտանեկան գործ է: Հետաքրքրական է, Ձեր ընտանիքի մէջ ալ այդպէ՞ս է:
– Ծնողներս այլ գործով կը զբաղէին: Բայց ես ադամանդագործութեան մէջ վարպետս հայ եղած եւ կամաց-կամաց յաջողութեան հասած եմ:
– Ձեր արմատները ուրկէ՞ են:
– Հայրս Ուրֆայէն է, Եղեռնի ժամանակ Հալէպ հաստատուած, յետոյ տեղափոխուած է Յունաստան: Իսկ մայրս յոյն է:
– Ձեր մայրը յոյն է, ծնած էք Յունաստան: Հայկականութիւնը ինչպէ՞ս կրցած էք պահպանել:
– Ես միշտ հայկական շրջանակի մէջ մեծցած եմ, հայկական դպրոց յաճախած եմ, հայկական միութիւններու գործունէութեան մէջ մխրճուած: Եւ այդ կեանքով կը շարունակեմ ապրիլ առ այսօր:
Կինս` Արաքսին, հայուհի է, զաւակս` Արամը, հիմա կը ծառայէ Յունաստանի մէջ եւ իմ գործս պիտի շարունակէ:
Գիտէք, ես շատ տարբեր չէի ըլլար եւ նոյնպիսի հայ կ’ըլլայի, եթէ մայրս հայ ըլլար:
Ես կը սիրեմ Յունաստանը, որ մեզ հիւրընկալեց, աշխատելու առիթներ ստեղծեց, որ մեզի երբեք իբրեւ օտարի չնայեցաւ։ Մենք` Յունաստանի մէջ ապրողներս, յատուկ կարգավիճակ ունինք, մենք 100 տոկոսով հայ ենք եւ 100 տոկոսով յոյն: Երբ յոյները մեզի կը հարցնեն, թէ ո՞ր մէկն է վերջապէս մեր երկիրը, կը պատասխանենք` Յունաստանը մեր երկիրն է, Հայաստանը` մեր սրտի երկիրը…
Զրուցեց Լուսինէ Աբրահամեանը