Հայ Կանանց Միջազգային Ընկերակցութեան 7-րդ Համաժողովը կը Կայանայ Հոկտեմբեր 10-ին

Հոկտեմբեր 10-ին` ժ.10:00-ին, “էլիտ Պլազա” պիզնես կեդրոնէն ներս կը մեկնարկէ, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի աջակցութեամբ հայ կանանց միջազգային ընկերակցութեան 7-րդհամաժողովը (հասցէն` Խորենացի փ. 15):


Բացման խօսքով հանդէս պիտի գայ ՀՀ սփիւռքի նախարար, հայ կանանց միջազգային ընկերակցութեան հայաստանեան մասնաճիւղի նախագահ Հրանոյշ Յակոբեան:


Համաժողովի մասնակիցներուն ուղերձով պիտի դիմէ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը, իր օրհնանքի խօսքը պիտի յղէ ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ամենայն հայոց կաթողիկոսը:


Ելոյթ պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան ջոն հեֆֆերն, ՀԿՄՄ փոխնախագահ Քարոլինա Թինիզեան, ՀԿՄՄ քոնֆերանսի պլանաւորման կոմիտէի ներկայացուցիչ Սիլվա Խաչիկեան:


Համաժողովի աշխատանքները պիտի շարունակուին “Կանանց դերը Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն եւ յետոյ, “հայ կանանց դերը համաշխարհայնացուած աշխարհի մէջ”, “դիմագրաւելով Հայաստանի մէջ կանանց առողջապահութեան մարտահրաւէրներուն”, “Հայաստանի մէջ գործող ՀԿ-ները”, “Կանայք գրականութեան մէջ” խորագրերով թեմատիկ նիստերով:


ժ.12:00-13:15-ը համաժողովի ծիրէն ներս պիտի մեկնարկէ սուրիահայերու ցուցահանդէս-վաճառքը, որ Հոկտեմբեր 11-ին պիտի շարունակուի Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի Մանուկեանի անուան սրահէն ներս:


Ժ.14:30-ին համաժողովի մասնակիցները պիտի այցելեն Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր եւ ծաղկեպսակ պիտի դնեն անմեղ զոհերու յուշակոթողին, որմէ ետք Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի մէջ “կանանց եւ հայոց ցեղասպանութեան մասին նոր տեսակէտներ” թեմայով զեկուցում կը կարդայ թանգարան-ինստիտուտի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան:


Հոկտեմբեր 11-ին, ժ.09:30-էն Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի մանուկեան դահլիճէն ներս պիտի շարունակուին համաժողովի աշխատանքները:


ժ.10:15-ին ամերիկեան համալսարանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ուսանողներու հանգստի սենեակի բացումը:
Համաժողովականները պիտի մասնակցին Էրեբունի-Երեւանին նուիրուած եւ այլ մշակութային ձեռնարկներու:
Հոկտեմբեր 12-ին համաժողովի մասնակիցները պիտի այցելեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ պիտի հանդիպին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հետ:

Scroll Up