ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Նուիրաբերուած Ձեռագիրները Եւ Հնատիպ Գիրքերը Պիտի Յանձնուին Մատենադարանին

Յունուար 23-ին` ժամը 12:00-ին, Երեւանի Մ.Մաշտոցի անուան Մատենադարանի փոքր սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ հալէպահայ Սօսէ Պարոնեանի` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նուիրաբերած ձեռագիրներու եւ հնատիպ գիրքերու` Հայաստանի գլխաւոր ձեռագրապահոցին փոխանցելու հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Սօսէ Պարոնեանի նախնիները մեծ արժէք ներկայացնող գիրքերը Խարբերդէն Հալէպ տեղափոխած են Հայոց ցեղասպանութեան արիւնալի օրերուն:

Ձեռնարկին պիտի  մասնակցին եւ ելոյթ ունենան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Մ.Մաշտոցի անուան Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեան եւ այլք:

Scroll Up