Ռաֆիկ Յակոբեան. «Միշտ Պատրաստ Եմ Սփիւռքէն Ժամանած Երեխաներ Հիւրընկալել Իմ Տան Մէջ…»

Ռաֆիկ Յակոբեան երկար տարիներ է, որ «Մարաթուկ» համոյթի երգիչներէն է: Դեռեւս մանկութեան տարիներէն անոր ուղեկցած է հայակական երաժշտութիւնը, քանի որ ծնողները նոյնպէս հայկական-ազգային երգերը կատարելու մեծ փորձ ունեցած են: Ռաֆիկ Յակոբեան արմատներով Սասունցի է:
Խօսելով «Մարաթուկ» համոյթի գործունէութեան մասին` պարոն Յակոբեան կը պատմէ, որ կազմաւորման ընթացքը համընկած է կոմունիստական տարիներու ժամանակաշրջանին հետ, որուն ընթացքին բազում խոչընդոտներու հանդիպած են. անոնց վրայ ճնշումներ գործադրած են, արգելած են ելոյթներ ունենալ, սակայն համոյթի անդամները չեն ընկրկած այդ ամէնէն եւ պատուով շարունակած են կատարել իրենց ստեղծագործական աշխատանքները: Այդ բոլորը ի հարկէ հայրենասիրութեան ու հայ երգին անդաւաճան մնալու վճռականութեան արդիւնք էր:
Այժմ Ռաֆիկ Յակոբեան Մարտունիի շարք մը գիւղերու մէջ, տարիներու ամբարած գիտելիքներն ու հմտութիւնները, որոնք ստացած է իր ուսուցիչներէն` Թաթուլ Կրպէյեանէն, Մկրտիչ Սարգսեանէն, պարուսոյց Արտիւշա Կարապետեանէն, կը փոխանցէ մատաղ սերունդին. անոր տեղուոյն վրայ հիմնած խմբակներուն մէջ, երիտասարդներուն հայկական-աշուղական, գուսանական երգեր եւ հայկական պարեր կը սորվեցնէ:
«Մարաթուկ» համոյթի գործունէութեան անքակտելի մաս կը կազմէ սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներուն մէջ համերգային շրջագայութիւններով հանդէս գալը: Հայկական գրեթէ բոլոր համայնքներուն մէջ անոնք ելոյթներ ունեցած են` արժանանալով տեղի հայութեան ջերմ ընդունելութեան ու ծափահարութիւններուն: Եղած են դէպքեր, երբ համերգի աւարտէն ետք մօտեցած են խնդրելու, որ տարազները իրենց նուիրեն, եւ տեսնելով անոնց յուզական վիճակը` չեն կրցած մերժել: Երգիչն առանձնայատուկ տպաւորուած է Այնճարի, Հալէպի, Դամասկոսի, Քեսապի եւ Լաթաքիոյ հայ համայնքներու ընդունելութենէն. «Այս համայնքներուն մէջ փառահեղ համերգներ ունեցանք, իսկ ստացած տպաւորութիւններն անջնջելի հետք ձգեցին վրաս»,-նշեց պարոն Յակոբեան:
Յակոբեաններու ընտանիքը դեռեւս 2009 թուականէն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագիրի ծիրէն ներս իր տան մէջ կը հիւրընկալէ ծրագիրին մասնակից երեխաներ, որուն մասին Ռաֆիկ Յակոբեան հետեւեալը պատմեց. «Առաջին անգամ հարսս պատմեց ինծի ծրագիրին մասին, որ շատ հետաքրքրեց զիս, ծանօթանալով պայմաններուն` ինքնակամ որոշեցի սփիւռքահայ երեխաներ հիւրընկալել իմ օճախին մէջ, քանի որ այն հայրենիքիս հանդէպ հոգիիս պարտքը կը համարեմ, մինչեւ հիմա աշխարհի տարբեր երկիրներէ` Կիպրոսէն, Դոնի – Ռոստովէն, Վրաստանէն եւ այլն, արդէն ութ երեխայի առջեւ իմ տան դռները բացած եմ, բոլորին հայկական երգն ու պարը կը սովորեցնեմ: Պէտք է ըսեմ, որ սիրով եւ ոգեւորութեամբ կը սորվէին, ամէն անգամ կը խնդրէին, որ նոր երգեր ու պարեր սորվեցնեմ, չէի ձգեր, որ տան մէջ այլ լեզուով խօսէին, կը ստիպէի միայն հայերէնով շփուիլ մեզի հետ,իսկ ազատ ժամանակ կը զրուցէի անոնց հետ, կը տանէի զբօսանքի, ցոյց տալով պատմական շինութիւններն ու յուշարձանները, մէկ խօսքով` ամէն ինչ ըրած եմ, որ Հայաստանի հանդէպ անոնց մօտ սէր արթնցնեմ, միշտ պատրաստ եմ սփիւռքէն ժամանած երեխաներ հիւրընկալել իմ տան մէջ, կոչ կ’ընեմ բոլոր հայ ընտանիքներուն հնարաւորութեան պարագային անոնք նոյնպէս այս նախաձեռնութեամբ հանդէս գան»:
Գէորգ Չիչեան