«Հասակակիցներս Ժպտերես Են Ու Մարդամօտ». «Արի Տուն-2016» Ծրագիրի Մասնակից
«Ծրագիրին մասին առաջինը հայրիկս տեղեկացած է ու ինծի ալ խորհուրդ տուած` մասնակցելու: Ոգեւորութիւնս այնքան մեծ էր, որ միանգամէն ցանկացայ մասնակցիլ»,- «Արի տուն» ծրագիրի 2016 թուականի առաջին փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ տասնչորս ամեայ Ագապի Տէր-Աւետիսեան եւ աւելցուց, որ ամէն տարի ամրան Ռիկայէն շրջագայելու նպատակով Հայաստան կու գայ: Այս տարուան այցելութեան սրտի թրթիռով սպասած է, քանի որ բոլորովին այլ խորհուրդ ունի իրեն համար: Հայաստանի մէջ ամենասիրելի վայրը Տաթեւի վանքն է, ուր պատրաստ է կրկին ու կրկին վերադառնալ:
Լաթվիոյ մէջ Ագապին երեք տարի պարի յաճախած է, որուն յաջորդած են քարաթէի դասընթացները (փոքր հասակէն սէր ունեցած է քարաթէի նկատմամբ), զուգահեռ նաեւ երգչախումբի մէջ կ’երգէ:
Լաթվիոյ հայ համայնքէն ներս հայապահպանութեան ուղղուած տարբեր ձեռնարկեր կ’իրականացնեն, որուն ինքն ալ պարբերաբար կը փորձէ մասնակցիլ:
Խօսելով «Արի տուն» ծրագիրի մասին` Ագապին տեղեկացուց, որ կ’ուզէ հնարաւորինս շատ վայրեր այցելել, ծանօթանալ հայկական աւանդոյթներուն, երթալ այնպիսի վայրեր, ուր նախորդ այցելութիւններուն ժամանակ չէ հասցուցած ըլլալ:
Իսկ Սփիւռքի տարբեր համայքներէն ծրագիրին մասնակցող հասկակիցներուն հետ կը սկսի քիչ-քիչ մտերմանալ: Նկատած է` բոլորն ալ ժպտերես են ու մարդամօտ: Մտադիր է անոնց հետ ընկերական յարաբերութիւններ ձեւաւորել, քանի որ Լաթվիոյ մէջ հայ ընկերներուն թիւը այնքան ալ շատ չէ:
Ագապին, շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հայրենաճանաչութեան նման ծրագիր կազմակերպելու համար, նշեց, որ «Արի տուն»-ը զինք հնարաւորութիւն կու տայ աւելի կապուելու Հայաստանին եւ համախմբուելու Հայրենիքին շուրջ:
Գէորգ Չիչեան