Սիտնէյի Համազգայինի Արշակ Եւ Սոֆի Գալստեան ճեմարանի Սաներն Այցելեցին ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւն

Սեպտեմներ 30-ին Սիտնէյի Համազգայինի Արշակ եւ Սոֆի Գալստեան ճեմարանի սաներն այցելեցին ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն:
1986թ. հիմնադրուած կրթօճախը կ’ընդգրկէ մանկապարտէզի, նախակրթարանի, միջին եւ աւագ դպրոցներու բաժինները, ուր հայ մանուկներուն կը դասաւանդուի հայոց լեզու, պատմութիւն եւ կրօն: Իբրեւ մայրենի լեզու` հայերէնը կը դասաւանդուի ճեմարանի բոլոր բաժիններուն մէջ: Դասաւանդումը կ’իրականացուի երկու փուլով` արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն: Ճեմարանին մէջ կը գործէ «Հայերէնը` որպէս երկրորդ լեզու» ծրագիրը` նախատեսուած հայերէնի սահմանափակ իմացութեամբ երեխաներու համար:
Սիտնէյի հայկական ճեմարանի սաները նախ դիտեցին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան մասին պատմող տեսանիւթ, որմէ ետք անոնց հետ հանդիպում ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, որ նոյնպէս բարձր գնահատեց դպրոցի 28-ամեայ գործունէութիւնը` նշելով. «Սփիւռքի մէջ նման բարձրակարգ դպրոց պահելն առնուազն հերոսութիւն է»:
Սիտնէյի Համազգայինի Արշակ եւ Սոֆի Գալստեան ճեմարանի սաներուն ընդունեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` ճեմարանի սաները եւ իրենց ուղեկցող մանկավարժները ներկայացուցին եւ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին նուիրեցին կրթօճախի 50-ամեայ գործունէութեան մասին պատմող պատկերագիրք:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը բարձր գնահատեց հեռաւոր մայրցամաքի վրայ դպրոցի ծաւալած հայապահպան աննախադէպ գործունէութիւնը: Ան նշեց, որ հոկտեմբեր 1-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը կը նշէ իր գործունէութեան 6-ամեակը եւ սիրով հրաւիրեց ճեմարանի ուսուցիչները` մասնակցելու 6-ամեակի հանդիսութեան:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը աշակերտա-ուսուցչական կազմին նուիրեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը խորհրդանշող անմոռուկ կրծքանշաններ եւ ընդգծեց. «Ձեզանից ամէն մէկը պէտք է ձգտի լինել լաւ մարդ, լաւ հայ եւ ստանայ լիարժէք կրթությիւն: Որովհետեւ համաշխարհայնացման այս ժամանակաշրջանում առաւել քան անհրաժեշտ է լինել մրցունակ մասնագէտներ»: