Կաւարտի «Արի տուն» ծրագրի 4-րդ փուլը

Յուլիս 24-ին, ժամը 18:30-ին Ծաղկաձորի «Արի տուն» բանակավայրի մէջ տեղի կ’ունենայ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագրի 4-րդ փուլի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն կը մասնակցի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Արիտունցիները հանդէս կու գան համերգային ծրագիրով, զոր պատրաստած են ճամբարային օրերու ընթացքին: Նշենք, որ ծրագրի չորրորդ փուլին կը մասնակցի 153 երիտասարդ՝ աշխարհի 10 երկրէ. ՌԴ-էն, ԱՄՆ-էն, Սուրիայէն, Վրաստանէն, Ուզպեկստանէն, Յորդանանէն, Ուքրանիայէն, Իրաքէն, Նիտեռլանտէն, Սպանիայէն:

Լրագրողները տեղափոխող հանրակառքը կը մեկնի Յուլիս 24-ին, ժ.17.00-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան շէնքի առջեւէն (հասցէն՝ Վ.Սարգսեան 26/1, «Էրեբունի պլազա» բ/կ):

Scroll Up