Հանդիպում Արկադի Տէր-Թադեւոսեանի Հետ

Յուլիս 25-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի երիտասարդ առաջնորդներու դասընթացքի մասնակիցները հանդիպեցան զօրավար, Արցախեան ազատամարտի հերոս Արկադի Տէր-Թադեւոսեանի հետ: Ան սփիւռքահայ երիտասարդներուն պատմեց Արցախեան պատերազմին մէջ հայկական ջոկատներու պայքարին, Շուշիի ազատագրութեան մասին, որ շրջադարձային նշանակութիւն ունեցաւ պայքարի յետագայ ընթացքին վրայ:

ՀՀ Մարտական խաչի շքանշանակիր Արկադի Տէր-Թադեւոսեան ամառնային դպրոցի մասնակիցներուն պատմեց, թէ ինչպէս 1991 թուականի հոկտեմբերին Արցախի նորաստեղծ ինքնապաշտպանական ուժերը թշնամիէն ազատագրեցին ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող Տող գիւղը (Հադրութի շրջան), իսկ 1992 թուականի մայիսին փայլուն կերպով իրականացուեցաւ Շուշի քաղաքի ազատագրումը, որ կը համարուէր ատրպէյճանական զօրամիաւորումներու կողմէ վերահսկող ամենաանառիկ բարձունքներէն մէկը եւ որտեղէն ամիսներ շարունակ կը ռմբակոծուէր Ստեփանակերտը:

Ա.Տէր-Թադեւոսեան ներկայացուց նաեւ ատրպէյճանական հայատեաց քաղաքականութեան եւ ատոր վնասակար հետեւանքներուն մասին իր նկատառումները:

Հանդիպման աւարտին «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի երիտասարդ առաջնորդներն իրենց յուզող հարցերը յղեցին Արկադի Տէր-Թադեւոսեանին:

Scroll Up