Սինկափուրի Մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Ձեռամբ Հայկական Խաչքարեր Օծուած Են
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/09/Untitled-164.jpg)
Սեպտեմբեր 28-ին մեկնարկեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի հովուապետական այցը Սինկափուր:
Այցի ծիրէն ներս Սինկափուրի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ, որուն աւարտին Վեհափառ Տէրը կատարեց եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու, ինչպէս նաեւ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտիոյ թեմի երջանկայիշատակ առաջնորդ Աղան արքեպիսպոկոս Պալէոզեանի յիշատակին նուիրուած երկու խաչքարերու օրհնութեան կարգը:
Արարողութիւններուն ներկայ էին տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, Սինկափուրի միջազգային դպրոցի հայ աշակերտներ, քրիստոնէական քոյր եկեղեցիներու հոգեւորականներ, դիւանագէտներ:
Նոյն օրը` երեկոյեան, հանրայայտ «Raffles» հիւրանոցին մէջ կազմակերպուեցաւ ընդունելութիւն:
Ձեռնարկին ելոյթով հանդէս եկաւ Սինկափուրի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Սարգսեան: Իր խօսքին մէջ դեսպանը ընդգծեց, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հովուապետական այցը Սինկափուր եւս մէկ անգամ կը վկայէ եկեղեցիներու վերականգնման ու պահպանման գործին մէջ Վեհափառ Տիրոջ հոգածութեան եւ տեղի հայ համայնքի նկատմամբ Սուրբ Էջմիածինի առանձնայատուկ վերաբերմունքին մասին:
Ներկաներուն իր օրհնութիւնն ու պատգամը բերաւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը` շնորհաւորելով վերջին տարիներուն արձանագրուած յաջողութիւններու առիթով եւ յորդորելով շարունակել հայապահպան ազնիւ առաքելութիւնը:
Սեպտեմբեր 29-ին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ կայացաւ համերգ` շնորհալի հայ երաժիշտներու կատարմամբ: