ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւնը Խստօրէն կը Դատապարտէ Տէր Զօրի Եկեղեցւոյ Հանդէպ Իրականացած Վայրագութիւնը

Սեպտեմբեր 21-ին ՏԱԱԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումը պայթեցուցած է Սուրիոյ Տէր Զօր քաղաքի Ալ Ռաշտիէ թաղամասին մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կառուցուած Սրբոց Նահատակաց յուշահամալիրի պատմական եկեղեցին:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ այս անասելի վայրագութեան, մշակութային ցեղասպանութեան նոր դրսեւորումը` կոչ կ’ուղղէ սփիւռքեան բոլոր կառոյցներուն եւ կազմակերպութիւններուն, զանգուածային լրատուամիջոցներուն` հայ ժողովուրդի նուիրական սրբավայրին դէմ իրագործուած այս սոսկալի վանտալիզմին դէմ բողոքի ձայն բարձրացնելու, դիմելու իրենց բնակած երկիրներու իշխանութիւններուն, օտարերկրեայ դեսպանութիւններուն, միջազգային կազմակերպութիւններուն, մշակոյթի պահպանութեամբ զբաղող հեղինակաւոր կառոյցներուն`  դատապարտելու Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակի,  հայ ժողովուրդի եւ բոլոր ազգերու, մարդու եւ ողջ մարդկային քաղաքակրթութեան դէմ իրականացուած ոճիրը եւ միջոցներ ձեռք առնելու` ուղիներ գտնելու, կանխելու համար նման քստմնելի յանցագործութիւնները:

Վստահ եմ, որ ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախօրեակին, համայն հայութիւնը պիտի դրսեւորէ միասնական կամք ու վճռակամութիւն` իր ձայնը լսելի դարձնելով ամբողջ աշխարհին:

Կը խնդրեմ Ձեր քայլերուն մասին տեղեկացնել նաեւ նախարարութեան:

Խորին յարգանքով`

Հրանոյշ Յակոբեան

Scroll Up