ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Մասնակցեցաւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի Ծննդեան Օրուան Նուիրուած Ձեռնարկին

Մարտ 23-ին լրացաւ հայ մեծ բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 147- ամեակը, եւ այդ առթիւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Հայ բարերարներու ճեմուղիին մէջ կայացաւ մեծանուն հայուն նուիրուած ձեռնարկ:

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան` մեծ բարերարի անունը կրող դպրոցի սաներուն հետ  ծաղիկներ տեղադրեց Գալուստ Կիւլպէնկեանի յուշակոթողին առջեւ:

 Կիւլպէնկեանի կեանքի եւ գործունէութեան մասին ուշագրաւ դրուագներ պատմող համարներով ելոյթ ունեցան Երեւանի Գալուստ Կիւլպէնկեանի անուան թիւ 190 աւագ դպրոցի սաները:

 ՀՀ սփիւռքի նախարարը նշեց, որ Կիւլպէնկեան հայապահպանութեան անկիւնաքար   համարած էր հայ եկեղեցին, ուստի անոր բարեգործական ամենամեծ  ներդրումները կապուած էին եկեղեցւոյ հետ: «Խորհրդային տարիներից առ այսօր «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամը օգնում է Երեւանի Մատենադարանին, մեծ բարերարի անուան կրթաթոշակներով են ապահովուում աշխարհի տարբեր երկրների հայազգի հարիւրաւոր ուսանողներ», – նշեց նախարարը:

 Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան արժեւորեց մեծ բարերարի աւանդը` Ցեղասպանութենէն մազապուրծ հայութեան Լիբանանի Այնճար գիւղին եւ Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասին մէջ տեղաւորելու  գործին մէջ:

 Կիւլպէնկեանի կեանքի ու գործունէութեան, յետագային` «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի բազմաբնոյթ բարեգործական ծրագիրներու մասին խօսեցաւ դպրոցի տնօրէն Կարինէ Զատիկեան:

 Ձեռնարկի մասնակից դպրոցականները խոստացան օրինակ վերցնել Գալուստ Կիւլբպէկեանը եւ անմար պահել անոր անունը:

Scroll Up