Քննարկում` ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ

Դեկտեմբեր 11-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն-քննարկում` Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորման սկզբունքներուն, գործունէութեան եւ «Հայերու վիճակը աշխարհի մէջ» առաջին զեկոյցի վերաբերեալ:

Քննարկման կը մասնակցէին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, փոխնախարարներ Սերժ Սրապիոնեան ու Վահագն Մելիքեան, Պոխումի համալսարանի «Սփիւռք եւ ցեղասպանութիւն» հետազօտութիւններու հիմնարկի տնօրէն Միհրան Տապաղ, ՀՀ ԳԱԱ Արեւելագիտութեան ինստիտուտի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեան, Պատմութեան ինստիտուտի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան, ՀՅԴ հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, «Նորավանք» ԳՀԿ գործադիր տնօրէն Գագիկ Յարութիւնեան եւ այլք:

 Մասնակիցները ներկայացուցին վերոնշեալ թեմաներու վերաբերեալ իրենց սեփական դիտարկումները, առաջարկութիւնները, որմէ ետք տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում եւ կառուցողական քննարկում:

a1a-2

Scroll Up