Հայկ Դեմոյեան. «Հայկական Կողմը Կը Պատրաստուի Թրքական Կողմի Հնարաւոր Բոլոր Քայլերուն»

Այսօր աշխարհի մէջ ընթացող աշխահաքաղաքական զարգացումները շատերուն ստիպեցին նորովի անդրադառնալու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հաւանականութեան:

Այս եւ նմանատիպ հարցերուն ներկաները անդրադարձան ՀԱԵ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Հայոց թեմի Մոսկուայի «Հայորդեաց տան» մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի հետ հերթական հանդիպման ժամանակ:

Թեմակալ առաջնորդ Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանի օրհնութեամբ եւ «Հայորդեաց տան» տնօրինութեան եւ ՀԱԵ Քրիստոնէական առարկայի ուսուցիչ Աշոտ Աւետիսեանի ջանքերով վերջին մէկուկէս տարուան ընթացքին կրթօճախի սաները երրորդ անգամ հնարաւորութիւն ունեցան իրենց յուզող հարցերը ուղղել Հայկ Դեմոյեանին եւ ծանօթանալ Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած քայլերուն եւ հեռանկարին:

Հայկ Դեմոյեանի հետ հանդիպման ներկաները յուզող հիմնական հարցը մէկն էր` արդեօ՞ք Թուրքիան կամ գերտէրութիւնները պիտի ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը: Սակայն Հայկ Դեմոյեանը գերադասեց հարցին միանշանակ պատասխան չտալ` միաժամանակ նշելով, որ այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Սփիւռքը Ցեղասպանութեան ճանաչման հասնելու համար կ’ընեն հնարաւոր ամէն ինչ:

«Ինչպէս գիտէք օգոստոսի 28-ին ՀՀ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը
Թուրքիայում նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանին յանձնեց ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի պաշտօնական հրաւէրը, որով Էրտողանը հրաւիրւում է 2015թ․ Երեւանում ներկայ լինել Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակի ոգեկոչման արարողութեանը: Հայկական կողմն այսօր պատրաստւում է թուրքական կողմի հնարաւոր բոլոր քայլերին` միաժամանակ չբացառելով Էրտողանի մասնակցութիւնը ոգեկոչման արարողոթեանը, ընդհուպ անգամ այցը ներկայիս հայ-թուրքական սահմանով»,- նշեց Հայկ Դեմոյեան:

Ան նաեւ անհանգստութիւն յայտնեց  Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած քայլերէն, որոնք տեղի կ’ունենան անհատական մակարդակով, քանի որ ոչ բոլորին մօտ է այն գիտակցումը, որ կրնան իրազեկել իրենց օտարազգի ընկերոջը, ծանօթին` անով իսկ նպաստելով Ցեղասպանութեան ճանաչման: Իսկ պետական մակարդակով կը ծրագրուին բազմաթիւ հրապարակումներ, հանդիպումներ, համաժողովներ, որոնց մասին առաւել մանրամասնութեամբ պիտի խօսուի յառաջիկայ ամիսներուն:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին ընդառաջ «Հայորդեաց տան» մէջ եւս պիտի կազմակերպուին  շարք մը ձեռնարկներ, որոնք ուղղուած պիտի ըլլան ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն Մոսկուայի «Հայորդեաց տան» լրատուութեան բաժինէն:

«Հայորդեաց տան» սաները եւ մոսկուաբնակ հայերը Հայկ Դեմոյեանի հետ
հանդիպելու եւ իրենց հարցերը անոր ուղղելու հնարաւորութիւն կ’ունենան նաեւ հոկտեմբեր-նոյեմբեր ամիսներուն: Իսկ մինչ այդ անոնք հնարաւորութիւն ունին Հայկ Դեմոյեանի աշխատութիւններուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հրապարակած գիրքերուն ծանօթանալու կրթօճախի գրադարանին մէջ` միաժամանակ չհրաժարելով յիշողութենէն եւ մնալով պահանջատէր։

Scroll Up