Թուրքիոյ Մարդու Իրաւունքներու Գրասենեակը Արձագանքած Է Էրտողանի Ցաւակցական Ուղերձին Եւ Կոչ Ըրած Դադրեցնել Ցեղասպանութեան ժխտումը
Թուրքիոյ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի Սթամպուլի մասնաճիւղը երկրի վարչապետ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի` հայերուն ուղղուած ցաւակցական ուղերձը որակած է որպէս «Ցեղասպանութեան ժխտման գիր», այս մասին կը տեղեկացնէ Hye Tert-ը:
Գրասենեակի ներկայացուցիչները մամլոյ ասուլիսի հրաւիրած են եւ արձագանքած Էրտողանի յայտարարութեան:
«1915թ.-ին Օսմանեան կայսրութեան տարածքին մէջ հայերու հանդէպ տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն էր»,- ըսած են ասուլիսի մասնակիցներն ու տեղեկացուցած, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ արշաւ պիտի սկսին` «ժխտման վերջ տալու» կոչով:
Գրասենեակը կը նկատէ, որ վարչապետի ուղերձին մէջ Թուրքիոյ օգտագործած լեզուն դրականօրէն փոխուած է, եւ ատիկա պայմանաւորած է ժխտման դէմ մղուող պայքարով:
«Չնայած այս անգամ լեզուն փոխուած է, սակայն խօսքը դարձեալ ժխտման արտայայտութիւն է»,- ըսած է գրասենեակի անունով հանդէս եկող Էրեն Քեսքինը:
Էրտողան յայտարարութեան մէջ նշած էր, որ «20-րդ դարասկիզբի պայմաններով պայմանաւորուած` կեանքէն զրկուած հայերու հոգիներուն հանգստութիւն, թոռներուն ցաւակցութիւններ կը յայտնէ», սակայն այդ նախադասութեան մէջ, Քեսքինի համոզմամբ, բացայայտ ժխտում կայ. հայերու սպանութիւնները ոչ թէ հետեւողական եւ կազմակերպուած ջարդ կը համարէ, այլ այն 20-րդ դարասկիզբի իրադարձութիւններու հետեւանքով եղած է` պատերազմ, տնտեսական պայմաններ եւ այլն:
Նախաձեռնողները նշած են, որ Էրտողանի յայտարարութենէն անմիջապէս ետք կառավարութեան կից պատմաբաններու յանձնաժողովը ապրիլ 24-25-ին Վանի մէջ քննարկում կազմակերպած է «Առաջին համաշխարհային պատերազմն ու հայերը» թեմայով:
Ձեռնարկին ընթացքին կրկնուած է 100-ամեայ ժխտման թեզն այն մասին, որ
ցեղասպանութիւնը հայերը իրականացուցած են եւ, ռուսերու հետ համագործակցելով, թիկունքէն հարուածած են Օսմանեան կայսրութեան:
«Այսինքն` վարչապետի ցաւակցական ուղերձի յաջորդ օրը Թուրքիոյ մէջ բնակող հայերը եւս մէկ անգամ որպէս թշնամի ներկայացուած ու մեղադրուած են, իսկ ցեղասպանութիւնը ողջունած»,-ըսած են կազմակերպիչները:
http://www.tert.am