Մոսկուայի Մէջ Կայացած Է Հանդիպում Հայոց Ցեղասպանութեան Տարելիցի Ձեռնարկները Համակարգելու Նպատակով
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/04/images5.jpg)
Ս.թ. ապրիլ 8-ին ՌԴ մէջ ՀՀ դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ դեսպանատան շէնքին մէջ կայացած է հանդիպում Մոսկուայի առաջատար համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներու հետ` Հայոց ցեղասպանութեան գալիք տարելիցի ձեռնարկները կազմակերպելու, ատոնք համակարգելու, համատեղ համադրելու նպատակով:
Հանդիպման ներկայ էին Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող ՌԴ յանձնախումբի քարտուղար, «Ռուս-հայկական համագործակցութիւն» ՀԿ նախագահ Եուրի Նաւոյեան, «Արարատ» մշակութային միութեան նախագահ Էմանուէլ Դոլբակեան, «Ռուսաստանի հայերու միութիւն» ՀԿ նորանշանակ փոխնախագահ Ալեքսանտր Խաչիյեան, ՀԱԵ Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսաստանի թեմի առաջնորդ, Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանի օգնական հայր Կիրակոսը:
Քննարկուեցան Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ծիրէն ներս ընթացիկ տարուան ապրիլին ՀՀ դեսպանութեան եւ համայնքային կառոյցներու կողմէ կազմակերպուելիք ձեռնարկները: Համաձայնեցուեցաւ ատոնց իրականացման ժամանակացոյցը, ձեռք բերուեցաւ պայմանաւորուածութիւն իւրաքանչիւր կառոյցի ստանձնած պարտաւորուածութիւններուն մասին: Հանդիպման արդիւքներով հաստատուեցաւ ապրիլեան համատեղ ծրագիր, որու մասին լրացուցիչ կը տեղեկացուին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ծիրէն ներս կազմակերպուելիք ձեռնարկները համակարգող ՌԴ յանձնախումբի անդամները:
Հանդիպման աւարտին կողմերը ձեռք բերին յաջորդ հանդիպման պայմանաւորուածութիւն` մինչեւ 2014թ-ի աւարտը ինկած ժամանակահատուածի եւ գալիք 2015թ-ի համատեղ ձեռնարկները քննարկելու նպատակով:
ՌԴ մէջ ՀՀ դեսպանութեան մամլոյ գրասենեակ