Յունաստանի Խորհրդարանը Ընդունեց Ցեղասպանութեան ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծը
Յունաստանի խորհրդարանին մէջ երէկ ուշ երեկոյեան աւարտած է Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի քուէարկութիւնը, ու 54 կողմ, 42 դէմ եւ 3 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ օրիագիծը ընդունուած է:
Այսպիսով` Յունաստան ԵՄ անդամ երրորդ պետութիւնն է` Զուիցերիայէն եւ Սլովաքիայէն ետք, որ կը քրէականացնէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը,- ինչպէս կը հաղորդէ Արմէնփրեսը:
«Այլատեացութեան դէմ պայքար» անունը կրող օրինագիծի լրամշակուած տարբերակը կը պահանջէ Յունաստանի տարածքին մէջ քրէական պատասխանատուութեան ենթարկել ոչ միայն հրեաներու, այլեւ հայերու եւ Փոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան ժխտումը: Վեց կէտէ բաղկացած օրէնքի նախագիծը կը նախատեսէ դրամական խոշոր տուգանք եւ բանտարկութիւն այն անձերուն նկատմամբ, որոնք դիտաւորեալ կը ստորացնեն, կը նուաստացնեն եւ կը ժխտեն միջազգային դատարաններու մէջ եւ Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ ճանչցուած ցեղասպանութիւնները, մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւնները:
Յունաստանի խորհրդարանը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, իսկ ապրիլ 24-ը ճանչցած է, որպէս Յիշատակի օր: Իւրաքանչիւր տարի ապրիլ 24-ին Յունաստանի կառավարութիւնը 3 մեծ քաղաքներու մէջ կը կազմակերպէ յիշատակի ձեռնարկներ:
Հայոց ցեղասպանութիւնը ներկայ դրութեամբ ճանչցած են աշխարհի 2 տասնեակիէ աւելի երկիրներ:
Մանրամասները` Armenpress.am կայքին մէջ: