Իսրայէլի միջկրօնական յարաբերութիւններու հրէական խորհուրդը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը

Իսրայէլի միջկրօնական յարաբերութիւններու հրէական խորհուրդը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող յայտարարութիւն ներկայացուցած է եւ կոչ ըրած Իսրայէլ պետութեան հետեւելու իր օրինակին: Այս մասին կը տեղեկացնէ www.panarmenian.net կայքը:
«Իսրայէլի միջկրօնական յարաբերութիւններու հրէական խորհուրդը Երուսաղէմի հայկական համայնքի կողքին է: Մենք կը ճանչնանք, կը յիշենք եւ յարգանքի տուրք կը մատուցենք 100 տարի առաջ Թուրքիոյ մէջ 1,5 մլն հայու կեանք խլած սարսափելի Ցեղասպանութեան: Այս Ցեղասպանութիւնը «մեկնաբանման» կարիք չունի, այն ապացուցուած եւ անհերքելի փաստ է»-կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ, Christian News Wire-ին յղումով կը գրէ ArmenianGenocide100.org-ը:
Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցած է աւելի քան 20 երկիր, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ նահանգներու մեծ մասը: Վերջերս Ցեղասպանութեան սարսափներուն դէմ հրապարակաւ խօսողներուն աւելցած է նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը:
«Մենք կոչ կ’ընենք Իսրայէլ պետութեան հայերու զանգուածային կոտորածը պաշտօնապէս Ցեղասպանութիւն ճանչնալու: Այս պատմական ողբերգութեան վրայ աչք փակելը քաղաքական արդարացում չէ:
Հրեաները ունին իւրայատուկ պատասխանատուութիւն յիշելու եւ ճանչնալու այս ողբերգութիւնը: 70 տարի առաջ մենք ապրած ենք նազիստական ցեղասպանութիւն, որ 6 մլն հրեայի կեանք խլած է: Նազիստերը ձեռնամուխ եղած էին Վերջնական լուծման, որովհետեւ գիտէին, որ աշխարհը որեւէ բան չէր ըրած Հայոց ցեղասպանութիւնը կանխելու համար:
Մենք եւ հայերը նոյն ցաւը ապրած ենք: Հրեաներս իրաւունք չունինք պահանջելու աշխարհէն յիշել մեր ազգի ցեղասպանութիւնը, եթէ նոյնքան անտարբեր եւ լուռ մնանք 1913-1915 թուականներուն հայ ժողովուրդի ապրած պատուհասին հանդէպ:
Մենք պէտք է սրտացաւօրէն ընդունինք մեր սուրբ «Այլեւս երբեք» խոստումը: Եթէ մենք կը ցանկանք կանխել ներկայի եւ ապագայի ցեղասպանութիւնները, ըլլան ատոնք մեր ազգի կամ այլ ազգերու հանդէպ, ապա պէտք է զգօն ըլլանք` յիշելով եւ ճանչնալով անցեալի ցեղասպանութիւնները: Մենք պէտք չէ թոյլ տանք, որ աշխարհը մոռնայ այդ»,- կ’եզրափակեն յայտարարութեան հեղինակները:
Երեւանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Ապրիլ 24-ի ոգեկոչման արարողութիւններուն Իսրայէլը ներկայացուած էր պատուիրակութեամբ, որուն կազմին էին Հայաստանի մէջ Իսրայէլի դեսպանն ու երկու խորհրդարանականներ: Անոնցմէ մէկը` ընդդիմադիր «Սիոնիստական ճամբար» ընդդիմադիր կուսակցութենէն ընտրուած Քնեսէթի փոխնախագահ Նահման Շայը կոչ ուղղեց իր հայրենակիցներուն ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: «Ատիկա մեր տարրական պարտականութիւնն է: Մենք այլեւս պէտք չէ տատանինք»,-ըսած է ան: