Սպանիոյ օրէնսդիրները խոստացած են Ցեղասպանութեան հարցը բարձրացնել բոլոր հարթակներուն

Մայիս 5-ին Սպանիոյ Ծերակոյտի բասկ անդամ Ուրկօ Այարթցան եւ Սպանիոյ Գոնկրէսի բասկ անդամ Ռաֆայէլ Լառռէինան այցելած են Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Անոնք ծաղիկներ դրած են Ցեղասպանութեան յուշահամալիրին եւ շրջայց կատարած Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանէն ներս: “Բոլոր մարդիկ եւ այն երկիրները, որոնք արդարութեան կողմնակից են, պէտք է ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը”,- Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր կատարած այցելութեան ժամանակ Armenpress-ին տրուած հարցազրոյցին ըսած է Ռաֆայէլ Լառռէինան: Գործակալութեան հետ զրոյցին Ռաֆայէլ Լառռէինան, մասնաւորապէս, նշած է.

– Բասկերի երկրի խորհրդարանը` այն խորհրդարանն է, որ կը ներկայացնէ բասկ ժողովրդը, ճանչցած է զայն: Այս է պատճառը, որ ցանկացանք ներկայ գտնուիլ յուշահալիրի մէջ` հրապարակայնօրէն յայտարարելով մեր ճանաչման մասին, յարգանքի տուրք մատուցելու եւ յայտարարելու, որ կը կիսենք ցաւը եւ կոչ ընելու ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը անոնց, ովքեր դեռ չեն ճանչցած զայն, քանի որ սա մարդասիրութեան ու ժողովրդավարութեան, ինչպէս նաեւ` մարդոց միջեւ համերաշխութեան հարց է:

– Բասկերու երկրի խորհրդարանը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Որեւէ բանաձեւ պիտի ներկայացուի՞ արդեօք Սպանիոյ խորհրդարանի մէջ:

-Իբրեւ բասկ հասարակութեան ներկայացուցիչներ` մենք այս հարցը պիտի բարձրացնենք այն բոլոր հարթակներէն, ուր կ’աշխատինք: Բնականաբար, մենք պիտի աշխատինք սպանական հաստատութիւններու հետ, իբրեւ Սպանիոյի կառավարութիւնն ու հաստատութիւնները ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը, որպէսզի անոնք կիսեն ցաւն ու միանան ցեղասպանութիւնը ճանչցած եւրոպական պետութիւններուն: Պիտի ընենք հնարաւորը, որ այս անարդարութիւնը երբեք չկրկնուի: Մենք մի քանի շաբաթ առաջ հասանք անոր, որ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովէն ներս լռութեան րոպէով յարգուի Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, բայց մենք կը ցանկաննք ունենալ լիագումար նիստի համաձայնութիւնˋ Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ:

Scroll Up