«Բազէ 2014» Համահայկական Երիտասարդական Հաւաքի Մասնակից Սփիւռքի Երիտասարդական Խումբը Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ
Օգոստոս 25-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի կողմէ 2014թ. օգոստոս 18-էն մինչեւ 24 կազմակերպուած «Բազէ 2014» համահայկական երիտասարդական հաւաքի մասնակից սփիւռքի երիտասարդական խումբը:
Խումբի ղեկավար, Սփիւռքահայ ուսանողներու խորհուրդի նախագահ Սամուէլ Մկոյեան նշեց, որ ծրագիրին մասնակցած է աշխարհի 7 երկրէ 18 մասնակից` Ֆրանսայէն, Իրանէն, Իրաքէն, Սուրիայէն, Պելառուսէն, Ռուսաստանէն եւ Վրաստանէն: Ան ներկայացուց ծրագիրին սփիւռքահայ երիտասարդներու ձեռք բերած յաջողութիւնները:
Սփիւռքահայ ուսանողներն ու երիտասարդները ծրագիրին մասնակցած են 2 ջոկատով: Անոնց խումբը Ճանչցուած է «Լաւագոյն» ջոկատ:
Բազկամարտին, սեղանի թենիս, պրէյն ռինկ, ֆութպոլ, վոլէյպոլ պարանի ձգում մարզաձեւերու մրցումներուն անոնք գրաւեցին առաջատար մրցանակային տեղեր:
Իսկ լողի մրցաձեւին 1-ին տեղը գրաւեց Սուրիոյ Հալէպ քաղաքէն յատուկ ծրագիրին մասնակցելու համար Հայաստան ժամանած Շողիկ Աւետիսեան:
Խումբի ղեկավարը հպարտութեամբ ներկայացուց նուաճած 9 մետալներն ու 26
պատուոգիրները, իսկ 2 ԲԱԶԷ արձանիկներէն մէկը Սփիւռքահայ բազէականները նուիրեցին Սփիւռքի նախարարութեան թանգարանին:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ջերմօրէն ողջունեց սփիւռքահայ երիտասարդները, շնորհաւորեց անոնց գալիք ուսումնական տարուան առիթով եւ մաղթեց ձեռքբերումներ, գիտելիքներու մեծ պաշար, որպէսզի սփիւռքի մէջ դառնան մրցունակ ու կայացած մասնագէտներ եւ յառաջիկային իրենց հնարաւորութիւններով նպաստեն հայրենիքի յառաջընթացին:
«21-րդ դարը գիտելիքի եւ նորարարութեան, նոր գաղափարների ու մտայղացումների դար է: Դուք պէտք է համալրէք հայ մտաւորականների այն հզօր շերտը, որը իր ներուժն է ներդնում համահայկական խնդիրների լուծման եւ
Հայաստանի զարգացման գործում»,- ըսաւ Հրանոյշ Յակոբեան:
Նախարարը Սփիւռքահայ երիտասարդներուն համար կարեւոր համարեց նման ծրագիրներու մասնակցութիւնը, քանի որ ատոնք հնարաւորութիւն կ’ընձեռեն այցելելու հայրենիք, ձեռք բերելու ընկերներ, ստեղծելու առողջ ու բարենպաստ համահայկական մթնոլորտ` միաժամանակ կոփուելով եւ ձեռք բերելով նոր գիտելիքներ ու հմտութիւնններ: Նախարարը մասնաւորապէս ըսաւ. «Կարծում եմ չափազանց օգտակար է ձեր ունեցած հանդիպումներն ու շփումները Հանրապետութեան ղեկավարութեան հետ: Ձեր ջոկատը պէտք է դառնայ հայապահպանութեան կարեւոր երաշխաւորներից մէկը: Տեսնելով եւ ճանաչելով Հայրենիքը` դուք մշտապէս պէտք է պահէք ու զարգացնէք այն կապերը, որ ձեռք էք բերել անցած մէկ շաբաթուայ ընթացքում, դուք պէտք է հայ մնաք եւ հայրենիքից ստացած լիցքերն ու զգացողութիւնները փոխանցէք ձեր ընկերներին ու հարազատներին: Դուք չպէտք է հեռու մնաք հակական սովորոյթներից ու աւանդոյթներից եւ որ ամենակարեւորն է խօսէք, հաղորդակցուէք մայրենիով, կապուած լինէք ձեր արմատներին: Մաղթում եմ, որ դուք բոլորդ լինէք լաւ մարդ, լաւ հայ եւ լաւ մասնագէտ եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախօրէին գիտակցէք ձեր միասնականութեան կարեւորութիւնը, ձեր ուժն ու կարողութիւնը մէկտեղելու պատրաստակամութիւնը: Ձեզանից իւրաքանչիւրը պէտք է առաջնորդուի առաջինը լինելու մղումով:
Ահա, թէ ինչու եմ յորդորում, խնդրում եւ պահանջում` սովորէք, գտէք ձեր տեղը, դարձէք առաջաւոր եւ յաղթող բոլոր բնագաւառներում: Միշտ յիշէք, որ դուք պարտական էք ձեր գենին, հպարտ եղէք, որ հայ էք, եւ գիտակցէք լաւ հայ լինելու ձեր պարտաւորուածութիւնը` պահպանէք ձեր հաւատը, լեզուն, ընտանիքն ու աւանդոյթները եւ միշտ ինքներդ ձեզ տուէք. «Իսկ ես ի՞նչ եմ արել իմ հայրենիքի համար հարցը»:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան առաջարկեց աշխուժօրէն մասնակցելու նախարարութեան ծրագիրներուն:
Վերջաւորութեան սփիւռքահայ երիտասարդները նախարարին յղեցին իրենց հետաքրքրող հարցերը: