«Արի Տուն-2014». Վերադարձ Ինքնութեան.Տիարպեքիրի Հայերը Ծիծեռնակաբերդի Մէջ Յարգեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Անմեղ Զոհերու Յիշատակը

Ինչպէս նախապէս տեղեկացուցած էինք, «Արի տուն-2014» ծրագիրի վեցերորդ փուլին Տիարպեքիրէն իրենց մասնակցութիւնը  բերած են  խումբ մը իսլամացած հայեր: Անոնք ծրագիրի ծիրէն ներս այցելած են Հայաստանի պատմամշակութային կոթողներ, թանգարաններ. հերթական կանգառը  ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրն էր, ուր անոնք այցելած էին`  գլուխ խոնարհելու եւ ծաղիկներ դնելու 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին:

Մինչեւ յուշահամալիր հասնիլը` անոնց յուզումը նկատելի էր, իսկ լարուածութիւնը` մեծ, քանի որ շատ երկար  սպասած էին այս պատմական պահուն: Տեղ հասնելուն պէս բոլորը սկսան տեղեկութիւններ հաւաքել Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մասին, այնուհետեւ  շրջեցան տարածքին մէջ: տիարպեքիրցիները չէին կրնար զսպել իրենց յուզմունքը. անոնց աչքերէն կը հոսէին արցունքներ` շաղախուած  ցաւի, յիշողութեան  զգացումով:

«Ընկերներէս, որոնք եկած էին Հայաստան, լսած էի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին եւ թանգարանին մասին: Անոնք կը պատմէին, որ  մանրամասն ներկայացուած է ողջ ճշմարտութիւնը 1915թ. դէպքերու մասին, եւ թէ Թուրքիոյ այս կամ այն գաւառին, նահանգին մէջ որքան   հայ  նահատակուած է : Ես շատ կը ցանկայի այցելել Հայաստան եւ սեփական աչքերով տեսնել ամէն ինչ, որովհետեւ մենք մեծցած ենք` ոչինչ չգիտնալով այդ մասին: Ես անչափ յուզուած եմ, որ այսօր այստեղ եմ», – «Հայերն այսօրի» թղթակիցին հետ զրոյցին ըսաւ 65-ամեայ Էքրեմ Օզքեսքինը:

Վերջաւորութեան ծրագիրի բոլոր մասնակիցները  «Հայր մեր» տէրունական աղօթքը առաքեցին առ Աստուած` ի հանգստութիւն վայրագ թուրքերու եղեռնագործութեան  զոհ գացած հայերու հոգիներու հանգստութեան համար:

Scroll Up