ՀՀ ՍՆ ԱՊՀ Հայ Համայնքներու Վարչութեան Պետ Թեւոս Ներսիսեան Մասնակցած Է ՌԴ Եդեսիա Գիւղի Հայկական Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ 100-Ամեայ Յոբելեանի Տօնակատարութեան

Սեպտեմբեր 3-5 ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ԱՊՀ հայ համայնքներու վարչութեան պետ Թեւոս Ներսիսեան գործուղուած էր Ռու­­սաս­տանի Դաշնութեան Կուրսկօ շրջանի Եդեսիա գիւղ` մասնակցելու Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ 100-ամեայ յոբելեանի տօնակատա­րու­­թեան:

Ձեռնարկին մասնակցած են պատուիրակներ Հիւսիսային Կովկասի հայկա­կան համայնքներէն` Տաղստանէն, Մոզդոկէն (Հիւսիսային Օսէթիա), Փիատի­գորս­կէն, Կիսլովոդս­կէն: Ներկաներուն մէջ եղած են Ռուսաստանի հայերու միութեան փոխնախագահ Գեր­ման Անանեանցը, «Նոեւ Կովչեգ» թեր­թի գլխաւոր խմբագիր Գրիգորի Անիսոնեանը, Արեւմտա­հա­յերու ազգային կոնգ­րեսի նախագահ Իկոր Զարգարեանը եւ այլք:

ԱՊՀ հայ համայնքներու վարչութեան պետը մասնակիցներուն  փոխանցած է ՀՀ սփիւռքի նախա­րար Հրանոյշ Յակոբեանի շնորհաւորական խօսքը:

Պարոն Ներսիսեան հանդիպած է Եդեսիոյ հայկական համայնքի ղեկավարներուն ու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ հայոց լեզուի ուսուցիչներուն, անոնց հետ քննարկած է հայեցի դաստիարակութեան իրականացման հիմնախնդիրները: Նշուած է, որ զգա­լի աշխատանք կը տարուի հայոց լեզուի ուսուցման արդիւնաւէտութիւնը բարձ­րացնելու ուղղութեամբ:

Եդեսիա գիւղը պաշտօնապէս հիմնուած է 1797թ.: Բնակիչները 16-րդ դարուն քաղաքական բռնաճնշումներու պարտադրանքով  Թուրքիոյ Եդե­սիա (այժմ` Շանլիուրֆա) քաղաքէն Պարսկաստան գաղթած հայերու յետնորդներն են, որոնց մէկ մասը 17-րդ դա­րուն հեռացած է Տաղստան ու հաստատուած այնտեղ: Ներկայիս Եդեսիոյ մէջ կ’ապրի շուրջ 6000 հայ: Եդեսիան այսօր տարածաշրջանի բարեկարգ բնակատեղիներէն  մէկն է:

ՀՀ Սփիւռքի Նախարարի Տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան Մասնակցեցաւ ԵՊՀ Պատմութեան Եւ Հայ Բանասիրութեան Բաժանմունքներու Հիմնադրման 95-Ամեակին Նուիրուած Հանդիսութիւններուն:

Սեպտեմբեր 10-ին ԵՊՀ-ի մէջ նշուեցաւ անդրանիկ` Պատմալեզուաբանական բաժանմունքի, ներկայիս` Պատմութեան եւ Հայ բանասիրութեան բաժանմունքներու ստեղծման եւ գործունէութեան 95-ամեակը:

Հարազատ համալսարան այցելեց ՀՀ Նախագահ, ԵՊՀ հայ բանասիրութեան բաժանմունքի շրջանաւարտ Սերժ Սարգսեան: Շնորհաւորելով ներկաները յոբելեանի առթիւ եւ յոյս յայտնելով, որ ներկայ սերունդը նոյնպէս պիտի շարունակէ իր նախորդներու աւանդոյթը` Հանրապետութեան Նախագահը պարգեւներ յանձնեց վաստակաշատ  շարք մը գիտնականներու:

ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ, Հայ բանասիրութեան բաժանմունքի դասախօս, բ.գ.թ. Սերժ Սրապիոնեան, Հայ բանասիրութեան բաժանմունքի տնօրէն բ.գ.դ. Արծրուն Աւագեան, Պատմութեան բաժանմունքի տնօրէն բ.գ.դ. Էտիկ Մինասեան, տարբեր բաժանմունքներու տնօրէններ դասախօսական կազմի, ուսանողական կառոյցներու ներկայացուցիչներու եւ ուսանողներու հետ միասին այցելեցին Կոմիտասի անուան պանթէոն եւ ծաղիկներ դրին պանթէոնին մէջ  ամփոփուած յայտնի հայ մտաւորականներ  Յակոբ Մանանդեանի, Պարոյր Սեւակի, Յովհաննէս Շիրազի ու Սիլվա Կապուտիկեանի եւ այլ անուանի գրողներու, հայագէտներու  շիրիմներուն:

Այնուհետեւ Հայ բանասիրութեան բաժանմունքի մասնաշէնքին մէջ բացուեցաւ հայ մեծանուն լեզուաբաններու, գրականագէտներու, պատմաբաններու, շրջանաւարտներու կենսագրութիւնները եւ աշխատութիւնները ներկայացնող ցուցահանդէս:

ԵՊՀ տեսչութեան, Հայ բանասիրութեան եւ Պատմութեան բաժանմունքներու նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկի մասնակիցներուն ողջունեց ԵՊՀ տնօրէն Արամ Սիմոնեան, որ նոյնպէս ԵՊՀ պատմութեան բաժանմունքի շրջանաւարտ է: Ան նշեց, որ անցած 95 տարիները եղած են բեղուն, արդիւնաւէտ եւ բազում սերունդներու  կեանքի ուղեկիցը:

Շնորհաւորանքի խօսքով հանդէս եկան նաեւ 2 բաժանմունքներու ղեկավարներ, վաստակաշատ դասախօսներ եւ ուսանողներ:

Scroll Up