ՀՀ Սփիւռքի Նախարարն Ընդունեց Քեսապահայերու Միութեան Անդամները

Օգոստոս 21-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց «Քեսապ հայրենակցական միաւորում» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Գեղամ Սարմազեանը, համահիմնադիր Ռոպերթ Գազազեանը եւ քեսապահայ մտաւորական, լեզուաբան Յակոբ Չօլաքեանը:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը բարձր գնահատեց քեսապահայերու խնդիրներով զբաղող նորաստեղծ միութեան աշխատանքը, քեսապահայերուն հաւաքագրելուն, օժանդակելուն ուղղուած անոր ազգանուէր գործունէութիւնը: Կազմակերպութեան նպատակն է համախմբել հայաստանաբնակ եւ սփիւռքահայ քեսապահայերը, աջակցիլ անոնց նիւթական եւ ֆինանսական վիճակի բարելաւման:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան քեսապահայերու կեցութեան, առողջապահական, կրթական, իրաւական եւ այլ հարցեր:

«Քեսապ հայրենակցական միաւորում» հասարակական կազմակերպութիւնը հիմնադրուած է 2014 թուականի ապրիլ 6-ին` 1946-1947 թթ.-ին հայրենադարձուած քեսաբահայերու ժառանգներ Գեղամ Սարմազեանի, Յովսէփ Փասլիկեանի, Կարապետ Բրդոտեանի, Ռոպերթ եւ Արթուր Գազազեաններու կողմէ:

Քեսապ հայրենակցական միաւորումը համագործակցելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ, հինգամսեայ գործունէութեան ընթացքին  հոգեբարոյական, խորհրդատուական եւ նիւթական աջակցութիւն  ցուցաբերած է Քեսապէն Հայաստան տեղափոխուած ընտանիքներուն: Անընդհատ կը ճշդուին քեսապահայ ընտանիքներու կարիքները, գրանցելով տուեալները:

Scroll Up