Ստորագրուեցաւ Համագործակցութեան Յուշագիր

Օգոստոս 3-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւնը վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի գլխաւորութեամբ: Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ ՀՄԸՄ կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան ստորագրեցին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀՄԸՄ միջեւ համագործակցութեան յուշագիր:

Նախարարը բարձր գնահատեց Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան հետ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը եւ նշեց, որ նախորդ 5 տարիներուն ընթացքին կողմերը աշխուժօրէն համագործակցած են: Այժմ յուշագիրի ստորագրմամբ  համագործակցութիւնը կը դրուի իրաւական հիմքի վրայ: Հրանոյշ Յակոբեան  նշեց, որ կատարելով Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի յանձնարարութիւնը` աշխոյժացնել համագործակցութիւնը համահայկական կառոյցներու հետ, սփիւռքի նախարարութիւնը այսօր աւելի բարձր մակարդակի կը բարձրացնէ համագործակցութիւնը համահայկական ամենախոշոր կառոյցներէն մէկուն հետ:

Կարեւոր համարելով Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման հեռանկարները, այդ գործակցութեան մէջ հայ երիտասարդութեան դերին եւ մասնակցութեան բարձրացումն ու ընդլայնումը` կողմերը համաձայնութիւն ձեռք բերին ՀՀ-ի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ մշակել եւ համատեղ իրականացնել մարզամշակութային, կրթադաստիարակչական,  ռազմահայրենասիրական ծրագիրներ ու ձեռնարկներ, աջակցիլ  սկաուտական բանակումներու կազմակերպչական աշխատանքներուն :

Համագործակցութեան յառաջիկայ փուլին մէջ կարեւոր համարուեցաւ յատկապէս տարածաշրջանային  մրցումներու, հաւաքներու կազմակերպումը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ծրագիրներու ծիրէն ներս:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ համահայկական բոլոր ձեռնարկներու միջոցով մայրենիի պահպանումը եւ տարածումը խթանելուն ուղղուած քայլերը: Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուց այդ ուղղութեամբ նախարարութեան ձեռնարկները: Հանդիպման աւարտին ՀՄԸՄ վարչութեան անդամները դիտեցին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներու մասին պատմող տեսաերիզ:

«Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւն եւ սկաուտներ» կազմակերպութիւնը հիմնադրուած է 1918 թուականին Կ.Պոլսոյ մէջ: Միութեան նպատակն է ֆիզիքական առողջ դաստիարակութիւն տալ հայ անհատին` համակելով անոր միտքն ու սիրտը մարզական ազնիւ ոգիով, սորվեցնել անոր ըլլալ արի, օրինապահ, ազգասէր ու հայրենասէր, զարգացնել անոր մէջ պատասխանատուութեան եւ պատուի զգացումը:

ՀՄԸՄ կեդրոնական Վարչութեան նստավայրը կը գտնուի Լիբանան: Այն ունի 105 մասնաճիւղ աշխարհի բոլոր հայաշատ համայնքներուն մէջ:

Նշենք, որ այս տարի տեղի կ’ունենայ ՀՄԸՄ համահայկական 10-րդ hոբելենական բանակումը:

 

Scroll Up