Երեւանի մէջ կայացան Ուրուկուէյի «Կոմիտաս» հայկական ռատիոժամի հիմնադրման 80-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներ

Մայիս 26-ին, Երեւանի` Առնօ Բաբաջանեան համերգասրահին մէջ շարունակուեցան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ իրականացուող` Ուրուկուէյի «Կոմիտաս» ռատիոժամի հիմնադրման 80-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները:

Ողջունելով ներկաները` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ գործող հայկական ռատիոժամերու դերը յատկապէս հայկական համայնքներու կազմաւորման առաջին տարիներուն, որոնցմէ ամենաառաջիններէն ու երկարակեացներէն մէկը Ուրուկուէյի 80-ամեայ «Կոմիտաս» ռատիոժամն է:

Ան նշեց, որ դեռեւս 1935 թուականի Օգոստոս 18-ին, Ուրուկուէյի մէջ սկսաւ գործել հայկական առաջին ռատիոկայանը` դառնալով հայոց լեզուի, հայ ինքնութեան, ազգային աւանդոյթներու եւ արժանապատուութեան,  հայոց լեզուն ու հայրենիքի զգացողութիւնները վառ պահող   անմար փարոս մը: Ռատիոժամի բացառիկ առաքելութիւնը եղած է նաեւ այն, որ հայրենիքէն հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու` միշտ լսելի դարձուցած է Հայրենիքի ձայնը, աշխարհասփիւռ հայութեան ձայնը` արծարծելով նաեւ Հայ դատի, հայոց պահանջատիրութեան խնդիրները, լեզուի եւ ինքնութեան պահպանման հարցերը:  Եւ սա այն դէպքերէն է, երբ առանց վարանելու կրնանք ըսել, որ ռատիոժամը Ուրուկուէյի մէջ այնպիսի դերակատարութիւն  ունեցած է  հայապահապանութեան գործին մէջ, ինչպիսին ունեցած են հայ դպրոցն ու եկեղեցին:

Նախարարը գերատեսչութեան եւ իր անունէն շնորհաւորեց յոբելեանի առթիւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ռատիոժամի հիմնադիրներուն` տնօրէն պարոն Կարօ Հեքիմեանին, բոլոր տարիներու աշխատակիցներուն: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Հայրենիքում բարձր է գնահատուել «Կոմիտաս» ռատիոժամի ազգանպաստ գործունէութիւնը: Ռատիոժամը պարգեւատրուել է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի յուշամետալով: Այսօր էլ մենք այս սրահում մեծարում եւ մեր երախտագիտութիւնն ենք յայտնում «Կոմիտաս» ռատիոժամին` հայապահպանութեան, հայակերտման, հայ մշակոյթի տարածման, Հայաստան-Սփիւռք կապերի ամրապնդման գործում ունեցած իր հսկայական աւանդի համար: Ու նաեւ ասում` սիրելիներս, այս դժուար ժամանակներում, երբ ամբողջ աշխարհում, եւ յատկապէս Լատինական Ամերիկայում, ահագնանում է ուծացման վտանգը, է՛լ աւելի մեծ պատասխանատուութիւն է ընկնում ձեր ուսերին: Անհրաժեշտութիւն է առաջանում փնտրել եւ գտնել հայապահպանութեան նոր ազդակներ եւ լծակներ` թէ՛ Սփիւռքում, եւ թէ՛ Հայրենիքում: Մենք առաւելագոյնս պիտի համատեղենք մեր ուժերը` միասնաբար ծառայելու հայապահպանութեան սուրբ գործին:

Այսօր յոբելեանի եւ հայապահպանութեան գործում ունեցած անգնահատելի աւանդի համար Ուրուկուայի «Կոմիտաս» ռատիոժամը պարգեւատրւում է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան  «Կոմիտաս» մետալով»:

Հանրային ռատիոյի տնօրէն Արմէն Ամիրեան նոյնպէս շնորհաւորեց յոբելեարները եւ մաղթեց երկար տարիներու բեղուն, ազգանպաստ աշխատանք ու անխափան եթեր:

Տեղի ունեցաւ Հանրային ռատիոյի եւ «Կոմիտաս» ռատիոժամի քոյրացման արարողութիւն, հաւաստագիրներու եւ յուշանուէրներու փոխանակում:

Ելոյթ ունեցան ՀՀ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ. ՀՅԴ Հայաստանի գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ ՀՅԴ գերագոյն մարմինի անդամ Հրանդ Մարգարեան:

«Կոմիտաս» ռատիոժամի պատասխանատու Կարօ Հեքիմեան շնորհակալութիւն յայտնեց բարձր պարգեւի համար եւ վստահեցուց, որ հեռաւոր Ուրուկուէյի մէջ հայկական ռատիոժամը պիտի շարունակէ իր հայապահպան գործունէութիւնը` ի նպաստ համայնքի համախմբման ու պահպանման:

Աւարտին տեղի ունեցաւ Ուրուկուէյի «Կոմիտաս» ռատիոժամի հիմնադրման 80-ամեակին նուիրուած տօնական համերգ, որուն մասնակցեցան ճանչցուած երգիչներ Արսէն Գրիգորեան, Սահակ Սահակեան, Գէորգ Դաբաղեան եւ ուրիշներ:

a1a2 a3a4 a5a6 a7a8 a9a10 a11մրոa12Է

Scroll Up