Տեղի Ունեցաւ «Իմ Հայաստան» Փառատօնի Գեղարուեստական Ղեկավար Սամուէլ Հարոյեանի Հանդիպումը «Պարարուեստի Օրերու» Մասնակից Խումբերուն Ղեկավարներուն Հետ

Յուլիս 11-ին Իմ «Հայաստան» համահայկական  փառատօնի  գրասենեակին մէջ  տեղի ունեցաւ  փառատօնի  գեղարուեստական ղեկավար Սամուէլ  Հարոյեանի հանդիպումը «Պարարուեստի օրերու» մասնակից խումբերու  ղեկավարներուն հետ:

Հանդիպման կը մասնակցէին պարախումբերու գեղարուեստական ղեկավարներ Արմինէ Աւետիսեան (ՌԴ, Լիպեցկ), Ելենա Գէորգեան, Արաքսի Գարլսեան  (ՌԴ, Տուեր), Արփինէ Ամիրեան (ՌԴ, Մոսկուա), Ամալեայ Մոսինեան, Աննա Մոսինեան (ՌԴ, Գրասնոտար), Հրաչիկ Գէորգեան (ՌԴ, Ռոստով), Ինգա Վարդազարեան (ՌԴ, Պեատիգորսկ), Ալիսա Յովակիմեան (ՌԴ, Ս.-Փեթերսպուրկ), Նասլէթ Քէյեան (Վրաստան, Ախալքալաք), Համլէտ Յովհաննիսեան, Մետաքսեայ Աւագեան (Ուքրանիա, Խարկով), Աննա Շմաւոնեան  (Քոււէյթ), “իմ Հայաստան” համահայկական փառատօնի ղեկավարի  տեղակալ` Էդուարդ Եսայեանցը եւ սփիւռքեան խումբերու պատասխանատու` Լուսինէ Պետրոսեանը:

Ամփոփուեցաւ փառատօնի  «Պարարուեստի օրերու»  ծրագիրը, քննարկուեցան  յետագայ ընելիքները: Ս. Հարոյեան  կարեւոր համարեց սփիւռքեան  խումբերու  ստեղծագործական եւ կազմակերպչական խնդիրներու լուծման աջակցիլը` նշելով, որ  փառատօնի աշխատակազմը  պատրաստ է  օգնելու երաժշտութեան, տարազներու, պարերու ընտրութեան եւ այլ  հարցերու մէջ:

Ելոյթ ունեցողները  իրենց շնորհակալութիւնը  յայտնեցին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան 2014թ.«Պարարուեստի օրերը» լաւագոյնս կազմակերպելու համար եւ պատրաստակամութիւն  յայտնեցին  շարունակելու իրենց գործը եւ պահպանելու ու զարգացնելու իրենց ձեռք բերած փորձն ու կապերը, նորանոր երիտասարդներ ներգրաւելու պարախմբերուն մէջ` ամրապնդելով անոնց կապը Հայրենիքի եւ ազգային մշակոյթին հետ:

Scroll Up