«Իմ Հայաստան» Համահայկական Փառատօնի Մասնակիցները Արցախի ՄԷջ

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ իրականացուող «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ծիրէն ներս Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսաստանի Դաշնութեան, Յունաստանի, Իրանի եւ Արցախի պարախումբերու եւ անհատ կատարողներու համատեղ համերգը` նուիրուած ՀՀ անկախութեան 25-ամեակին: Ձեռնարկին ներկայ էին ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեան, հասարակական, մշակութային գործիչներ, արտերկրէն ժամանած հիւրեր:
Ելոյթ ունեցան Թեհրանի «Զարթօնք» (գեղարուեստական ղեկավար` Լորեթա Աւետիսեան), Յունաստանի «Աւետիս» (գեղարուեստական ղեկավար` Շուշանիկ Սեմերճեան), ՌԴ Ս. Փեթերսպուրկի «Նայիրի» (գեղարուեստական ղեկավար` Զաւէն Վիրապեան), Սոչիի «Լոո» (գեղարուեստական ղեկավար` Ենոք Պատալեան), Մայքոփ քաղաքի «Վարդանանք» եւ «Նայիրի» (գեղարուեստական ղեկավար` Սիւզաննա Պապայեան), եւ Տոնի Ռոստովի «Զուարթնոց» (գեղարուեստական ղեկավար` Արմէն Գրիգորեան) պարախումբերը:
Իրենց կատարումներով փառատօնի մասնակիցներուն եւ ներկաներուն ողջունեցին Ստեփանակերտի պարարուեստի քոլեջի, Յակոբ Գիւրջեանի անուան արուեստի դպրոցի, «Արցախ» ազգագրական եւ Արցախի «Մենք ենք մեր սարերը» երգի-պարի պետական համոյթներու եւ «Արցախի ձայներ» նախագիծի մասնակիցները:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը փոխանցեց նախարարութեան ԱՊՀ հայ համայնքներու վարչութեան Միջին եւ Հարաւ-ասիական երկիրներու հայ համայնքներուն հետ կապերու բաժինի պետ Անահիտ Զոհրապեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեանին` արցախեան հողին վրայ փառատօնի մասնակիցներուն հիւրընկալելու, ջերմ ընդունելութեան եւ համերգը յաւուր պատշաճի կազմակերպելու համար:
Սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Էդուարդ Եսայեանց փառատօնին աշխոյժ մասնակցութեան համար Թեհրանի «Զարթօնք» պարախումբի եւ Արցախի պարի պետական համոյթի կատարողներուն յանձնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հաւաստագիրներ եւ յուշամետալներ: