Հալէպի Մէջ Վիրաւորուած Հայերէն Մէկուն Կեանքը Հնարաւոր Չէ Եղած Փրկել

Հալէպի հայկական Նոր Գիւղ թաղամասին մէջ յունիս 1-ին նետուած կազի տակառին հետեւանքով վիրաւորուած Լեւոն Չերչեան` մահացած է: Այս մասին «Արմէնփրէս»–ը տեղեկացաւ Հալէպի լրատուական գրասենեակէն:
1963թ.-ի ծնունդ Լեւոն Չերչեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի կ’ունենայ այսօր` Հալէպի ժամանակով 13:00-ին, Հայ առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Հալէպի հայաշատ Նոր Գիւղ եւ Սուլէյմանիէ թաղամասերուն մէջ յունիս 7-ին հրասանդներու եւ հրթիռներու ինալու հետեւանքով զոհուած էր 1982թ.-ի ծնունդ Կարօ Աստուրեան: Բացի այդ, Սուլէյմանիէ թաղամասին մէջ հրասանդներ ինալու հետեւանքով վիրաւորուած էին Յակոբ Սէմէրճեանն ու Պայծիկ Մելքոնեան-Չերչեանը:
Տեղեկութիւններ կան, որ Պայծիկ Մելքոնեանի վիճակը մտագոհիչ չէ:
Յունիսի սկիզբէն` Հալէպի եւ մասնաւորապէս հայկական Նոր գիւղ թաղամասին մէջ, իրավիճակը կտրուկ վատացած է: Ահաբեկիչ խմբաւորումներու կողմէ, որոնց կարեւոր մասը թուրք կամ թրքամէտ արմատական ահաբեկչական խումբերն են, տարբեր տեսակի կործանարար հրթիռներ եւ հրասանդներ կը տեղան խաղաղ բնակչութեան վրայ:
Հայկական Նոր գիւղ թաղամասին մէջինկած հրթիռները մարդկային վնասներէն բացի, նիւթական սարսափելի վնասներ պատճառած են: Նոր Գիւղին մէջ մեծաթիւ բնակարաններ բոլորովին անբնակելի դարձած են, իսկ հարիւրաւոր բնակարաններ նորոգելու կարիքը ունին: Երբեմնի հայաշատ Նոր Գիւղ թաղամասը այսօր աղէտալի շրջան է, ամայացած ու աւերակ:
Նոր Գիւղը եւ հալէպահայութիւնը կործանման վտանգի առջեւ կանգնած են:
Կոչ ուղղուած է համայն հայութեան` բոլոր միջոցներով սատար կանգնելու ի նպաստ անմարդկային հրթիռաձգութեան կասեցման` յանուն աղէտահար ժողովուրդի ֆիզիքական անվտանգութեան ապահովման:
armenpress.am