Օժանդակութեան աշխատանքները պիտի շարունակուին, մինչեւ որ հայաւան Քեսապը իր բնականոն կեանքին վերադառնայ

Քեսապի ազատագրումէն ետք, Քեսապին վերստին կեանք պարգեւելու համար, հայութիւնը անսակարկ նուիրումով աշխատանքի կը նախաձեռնէ:

Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան Եւ վերականգնումի մարմինս մօտէն կը հետեւի շրջանի իրադարձութիւններուն եւ ամէն կերպ կը ջանայ նեցուկ կանգնիլ հայաւանի վերակենդանացման:

Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինին յառաջանալէն ետք, մինչեւ Քեսապի գրաւումը, իր աշխատանքային ուղեցոյցին համաձայն շարունակեց Քեսապին հերթական օժանդակութիւն յատկացնելու ծրագիրը:

Քեսապի գրաւումէն մինչեւ ազատագրում   մարմինը, իբրեւ սուրիահայութեան օժանդակութեան գործին պատասխանատու մարմին, քանի մը հանգրուանով նիւթական յատկացում տրամադրեց Քեսապի Գործադիր մարմինին:

Առաջին հանգրուանի օժանդակութիւնը կատարուեցաւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ճամբով` քսանհինգ հազար ամերիկեան տոլար:

Երկրորդ հանգրուանին` մարմինի սնտուկէն քեսապահայութեան յատկացուեցաւ երկու միլիոն սուրիական ոսկի:

Միաժամանակ, մարմինը հետամուտ եղաւ գաղթական վիճակի մէջ գտնուող հայրենակիցներու աշխատանքներուն կազմակերպման` Լաթաքիոյ մէջ եւ անկէ անդին:

Այս ընթացքին բարեսիրական զանազան կողմերէ օժանդակութիւններ փոխանցուեցան քեսապահայութեան, որոնց համար մարմինս կը յայտնէ իր գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը:

Քեսապի ազատագրումէն ետք, Քեսապի Գործադիր մարմինի առաջադրանքներուն ընդառաջ` Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինը շրջանի վերականգնման աշխատանքներու ծրագիրին համար, իբրեւ օժանդակութեան առաջին հանգրուան` անոր տրամադրեց հարիւր հազար ամերիկեան տոլար:

Օժանդակութեան աշխատանքները պիտի շարունակուին, մինչեւ որ հայաւան Քեսապը իր բնականոն կեանքին վերադառնայ:

Յոյսով ենք, որ քեսապահայերը կը վերադառնան իրենց բնօրրանը եւ նոր խանդավառութեամբ ու կորովով կը շարունակեն Քեսապի վերականգնման եւ վերաշխուժացման ծրագիրները, իսկ մեր ազգակիցները իրենց աջակցութեամբ քաջալեր կը հանդիսանան շրջանի վերակառուցման աշխատանքներուն:

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ
ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ

Scroll Up