Հալէպի Մէջ Հայ մը Վիրաւորուած Է
Հալէպի հայկական նոր Գիւղ թաղամասին մէջ մայիս 28-ին գազի տակառներէ պատրաստուած երեք հրթիռներ ինկած են:
Այս մասին «Արմէնփրէս»-ը տեղեկացաւ Հալէպի լրատուական գրասենեակէն: Աղբիւրի տեղեկացմամբ` ինկած հրթիռներու հետեւանքով վիրաւորուած է Վազգէն Պապողլեանը: Բարեբախտաբար, անոր վիճակը մտահոգիչ չէ եւ կեանքին վտանգ չի սպառնար: Վերջին մի քանի օրերուն ընթացքին Հալէպի հայաշատ թաղամասերուն մէջ համեմատաբար իրավիճակը հանդարտ էր:
Աւելի առաջ` մայիս 26-ին, Հալէպի Համիտիէ թաղամասին մէջ ինկած հրասանդի հետեւանքով զոհուած էր 1928թ.-ի ծնեալ Աւետիս Քեպապճեանը: Մայիս 24-ին Հալէպի Նոր Գիւղ հայկական թաղամասին մէջ գազի տակառներէ պատրաստուած երկու հրթիռներ ինկած էին, որուն հետեւանքով վիրաւորուած էր Կարապետ Փիլոյեանը: Մայիսի սկիզբէն մինչեւ օրս Հալէպի մէջ վիրաւորուած են մօտ երեք տասնեակ հայեր: ՄԱԿ-ի տուեալներով, Սուրիոյ մէջ եռամեայ հակամարտութեան ընթացքին զոհերու թիւը գերազանցած է 150 հազարը: Զոհուած հայերու թիւը կը մօտենայ 100-ին: