Ժիրայր Ռէյիսեան. «Միթէ՞ ապտակով կը պատասխանեն անոր, որ երախտագիտութիւն կը յայտնէ…»

Ինչպէս նշած էինք Սեպտեմբեր 21-ին, Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց յուշահամալիրը, ուր ամփոփուած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն մասունքները, պայթեցուած է ISIS գրոհայիններու կողմէն։ Անկէ անմիջապէս ետք հնչեցին տարբեր մեկնաբանութիւններ եւ յայտարարութիւններ:

Այս օրերուն Հայաստան ժամանած է Բերիոյ Հայոց թեմի մամուլի քարտուղար, Սուրիոյ Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական համայնքներու ընդհանուր խօսնակ՝ Ժիրայր Ռէիսէան, որ «Հայերն այսօրի» հետ զրոյցի ընթացքին մեկնաբանեց այս բռնարարքը ըսելով,- «Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց յուշահամալիրի պայթեցման մասին չեմ կրնար որեւէ ճշգրիտ բան ըսել, որովհետեւ լուրը տարածած են արաբական լրատուական ծառայութիւնները: Պատահածի մասին յայտարարութիւններ եղած են, բայց որեւէ լուսանկար, տեսանիւթ չկայ: Մինչեւ ուղղակիօրէն չտեսնենք, թէ ինչ պատահած է, դժուար է դէպքի տարողութեան մասին մեկնաբանութիւններ ընել: Սակայն, որպէս իրողութիւն, այս արարքը որեւէ ձեւով չի կրնար արդարացուիլ: Աշխարհի վրայ չկայ մէկը, որ կարենայ նման արարքի մը արդարացում գտնել: Նշեմ ընդամէնը երեք պատճառ: Առաջին՝ ինչպէս կը յայտարարուի, եկեղեցին պայթեցուցած են իսլամ ծայրահեղական, արմատական խմբաւորումները, այսինքն, ISIS գրոհայինները: Եթէ իրօք այդպէս է, ապա որեւէ իսկական իսլամիստ, հաւատացեալ չի կրնար Աստուծոյ տունը քանդելը ընդունիլ:

Երկրորդ՝ եթէ արաբի աչքերով նայինք կատարուածին, ապա Սրբոց Նահատակացը ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած եկեղեցի է, այլեւ` յուշահամալիր, որուն բազմաթիւ որմնաքանդակները կը փաստեն հայ եւ արաբ ժողովուրդներու բարեկամութիւնը, կ’արտայայտէ հայ ժողովուրդի երախտագիտութիւնը բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք Եղեռնի ծանր օրերուն, տարագրութեան պահուն օգնութեան ձեռք մեկնեցին, օթեւանեցին մեր ժողովուրդի զաւակները: Միթէ՞ ապտակով կը պատասխանեն անոր, որ երախտագիտութիւն, շնորհակալութիւն կը յայտնէ. անհաւատալի եւ անբնական է:

Երրորդ՝ յստակ է յուշահամալիրի անունը՝ Նահատակաց: Նահատակը հա՛յ է, արա՛բ է, ինչ ազգի ալ պատկանի, չկայ ազգ մը, ժողովուրդ կամ կրօն մը, որ չմեծարէ նահատակը: Հողաշէն մատուռի տակ, ուր աւելի ուշ կառուցուած է յուշահամալիրը, թաղուած են Տէր Զօրի անապատի աւազներու վրայէն հաւաքուած մեր նահատակներու ոսկորներուն, աճիւններուն մէկ մասը: Մատուռի ներքնայարկի մէջ գտնուող ցուցասենեակին մէջ ներկայացուած են Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած գիրքեր, վաւերաթուղթեր: Իսկ ապակեպատ ցուցափեղկին մէջ ամփոփուած են նահատակներուն ոսկորները, գանգերը, աճիւնները: Մարդկային, միջազգային, միջկրօնական չփանիշներէն դուրս է, որ ոեւէ մէկը կրնայ անտեսել այս չափանիշները եւ անարգել՝ պայթեցնելով նահատակներուն աճիւններ ընդգրկող կեդրոնը»:

Իսկ «Հայերն այսօր»-ի այն հարցին, թէ կայ տեղեկութիւն, որ նահատակներուն մասունքները տեղափոխուած են աւելի ապահով վայր, Ժիրայր Ռէյիսեան պատասխանեց. «Ազգային իշխանութիւնը հիմնական, կարեւոր բաժինները կրնայ ապահով վայր տեղափոխել: Բայց եկեղեցւոյ հիմքին մէջ ամփոփուած աճիւնները ինչպէ՞ս կրնայ փոխադրել: Եւ վերջապէս. Սրբոց Նահատակաց յուշահամալիրը կ’արժեւորուի իր խորհրդանշական իրականութեամբ»:

Պատրաստեց Լուսինէ Աբրահամեան

Scroll Up