Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Յայտարարութիւնը` Քեսապի Իրադարձութիւններուն Շուրջ
Ժապհաթ Նուսրա եւ Իսլամական ճակատ խմբաւորումներու` Քեսապի վրայ իրականացուած յարձակումը կազմակերպուած է Թուրքիոյ անմիջական մասնակցութեամբ: Կռիւներուն ընթացքին խաղաղ բնակչութիւնը պաշտպանելու նպատակով թռիչքներ կատարած սուրիական պատերազմական օդանաւներէն մէկը վար առնուեցաւ թրքական օդուժին կողմէ: Թուրքիոյ հետ սահմանակից Քեսապի վրայ յարձակումը սկսած էր տակաւին 21 մարտին: Իրավիճակը քիչ մը կայունանալէն ետք անակնկալ կերպով տրուած էր շտապ տարհանումի հրաման:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը այս առնչութեամբ տարածած է յայտարարութիւն մը, ուր նշուած է. «Ամիսներ շարունակ զգուշացուցինք միջազգային հանրութիւնը ծայրայեղական զինեալներու կողմէ Սուրիոյ քրիստոնեայ փոքրամասնութեան ուղղուած սպառնալիքին մասին: Հայաբնակ քաղաքին մէջ եւ Քեսապի գիւղերուն վրայ այս յարձակումները բռնութեան վերջին օրինակներն են, որոնք աշխուժօրէն կը խրախուսուին դրացի Թուրքիոյ կողմէ: Մենք կոչ կ՛ուղղենք Սուրիոյ տագնապին վրայ որեւէ ազդեցութիւն ունեցող պետութիւններուն գործադրել բոլոր կարելի միջոցները, որպէսզի դադրեցուին Քեսապի խաղաղ բնակչութեան վրայ յարձակումները, եւ անոնք կարենան ապահով վերադառնալ իրենց տուները: Վերջին հարիւր տարուան ընթացքին ասիկա արդէն երրորդ անգամն է, որ հայերը ստիպուած կը լքեն Քեսապը եւ երրորդ անգամն է, որ յարձակում գործողը կամ յարձակում գործողի կողքին կանգնածը Թուրքիան է»:
Քեսապը Թուրքիոյ սահմանակից հայաբնակ մեծագոյն բնակավայրն է, եւ միշտ եղած է Թուրքիոյ թիրախը տակաւին մինչեւ սուրիական տագնապին սկիզբը: Նշուած իրադարձութիւններուն Թուրքիոյ մեղսակցութեան մասին յայտարարած է նաեւ ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ պաշտօնական ներկայացուցիչը: