Աւօ Յովհաննիսեանի Ազգանուէր Գործերը
Աւօ Յովհաննիսեանին հայաստանեան գիտական շրջանակները լաւ կը ճանչնան: Ան ազգային բարերար ըլլալէ զատ, կը կատարէ նաեւ գիտական լուրջ աշխատանքներ, բոլորովին նուիրուելով մասնաւորաբար Նոր Ջուղայի մշակութային կուտակումներուն, ձեռագիրներուն: ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Նոր Ջուղայի օրերու» ծիրէն ներս Աւօ Յովհաննիսեան հետաքրքիր գիտական հաղորդմամբ հանդէս եկաւ, որ նուիրուած էր Նոր Ջուղայի ձեռագիրներուն: Ան այդ ձեռագիրներու խոշոր հաւաքողն ու համակարգողն է, կրցած է ստեղծել գիտական համակարգման իր ուրոյն ձեւերը, որոնք հնարաւորութիւն կու տան առանձնացնել պատմաշրջաններն ու դպրոցները: Մենք զրուցեցինք Աւօ Յովհաննիսեանի հետ` ջանալով տեղեկութիւններ քաղել անոր գործունէութենէն, ձեռագիրներու հանդէպ ձեւաւորուած անոր նուիրուածութենէն:
«Նոր Ջուղայի մէջ մի քանի տասնամեակ առաջ տնային աճուրդի դրուած մեծաքանակ հայերէն ձեռագիրները, վաւերագիրներն ու հնատիպ գիրքերը ձեռք բերած հայ հաւաքորդներէն ոչ բոլորը ատոնք նուիրաբերեցին հայաստանեան հայագիտական օճախներուն. ցաւօք, եղան մարդիկ, որ ատոնք վաճառեցին օտար հաստատութիւններու, անհատներու` մէկընդմիշտ այդ ամէնը դարձնելով անոնց սեփականութիւնը»- ըսաւ Աւօ Յովհաննիսեանը:
Մօտ քառասուն տարի առաջ ան սկսած է իր գործունէութիւնը` այս ընթացքին ոչնչացումէ ու մոռացումէ փրկելով բազում ձեռագիրներ, որոնք ոչ թէ պահած է որպէս անձնական սեփականութիւն կամ ալ վաճառած, այլ նուիրաբերած է հայրենի այն հաստատութիւններուն, որոնք ունին հարուստ ձեռագրատներ:
Նուիրատուութիւններուն մէջ են Մատենադարանին ընծայաբերած 65 ձեռագիրներն ու բազում վաւերագիրները, հնատիպ ու նոր գրականութեան նմուշները: Անոր նուիրատուութիւններով հարստացուցած են նաեւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը, Հայաստանի պատմութեան թանգարանը, Ազգային եւ Խնկօ Ապոր անուան գրադարանները, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, Է. Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը եւ այլք:
«Նոր Ջուղայի մէջ կուտակուած էին մեծաքանակ ազգային արժէքներ, եւ ես կը գիտակցէի, որ օր մը ատոնք պիտի կորսուին, եւ իմ կարողութեան սահմաններուն մէջ կը ջանայի փրկել այն ամէնը, ինչ hնարաւոր էր: Նպատակս էր, որ ատոնք օր մը վերադառնան հայրենիք ու գտնեն իրենց արժանի տեղը: Ցանկութիւնս ազնիւ եղած է, Աստուած շատ օգնեց ինծի, որ կրցայ բոլոր ցանկութիւններս իրագործել: Չեմ բաւարարուած միայն աճուրդներէ ձեռագիրներ գնելով, նաեւ քարոզչական աշխատանք տարած եմ նորջուղայեցիներու մօտ պահուած արժէքաւոր ձեռագիրները փրկելու ու Մատենադարանին յանձնելու ուղղութեամբ»,- ըսաւ նշանաւոր հաւաքողը:
Աւօ Յովհաննիսեան մեզի տեղեկացուց, որ ինքը օդանաւային ճարտարագէտ է, մարդ, որ, կը թուէր` որեւէ առնչութիւն պէտք չէ ունենար ձեռագիրներու հետ, սակայն անոր մօտ ձեռագիրները սէր են, հայրենապաշտութիւն, նուիրում: Առհասարակ գիրքը Աւօ Յովհաննիսեանի համար պաշտամունք է, ուստի ան հաճոյքով տեղեկացուց, որ չորս տարի առաջ վերանորոգած է Կողբ գիւղի գրադարանը եւ գրադարանին նուիրաբերած է 350 գիրք: Առհասարակ, Աւօ Յովհաննիսեան նման չէր այն մարդոց, որոնք կը սիրեն ներկայացնել իրենց ըրածը, պատմել իրենց նախաձեռնութիւններուն մասին: Այդ էր պատճառը, որ հարցազրոյցը գրեթէ չկայացաւ, որովհետեւ նշանաւոր հաւաքողն անընդհատ ցոյց կու տար ձեռագիրները, խնդրելով ատոնց արժէքի ու նշանակութեան մասին հարցնել Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանին… Ուրեմն, կայ նաեւ մարդկային այն տեսակը, որն իր անձը կը տարրալուծէ կատարած աշխատանքներուն մէջ` առաջ մղելով այն ամէնը, ինչ որ արժէք եւ բովանդակութիւն ունի…
Աւօ Յովհաննիսեան կը զբաղի նաեւ լուսանկարչութեամբ.
«Երբ կը մարի գաղթավայրը, կանգ կ’առնէ, եւ անոր շնչառութիւնը, թոքերը այլեւս չեն աշխատիր, միւս կողմէն ալ կը սկսին իրենց ձեւով կառուցել-վերակառուցել բնակավայրը, նոր ճանապարհներ, նոր շէնքեր կը բարձրացուին, կը խոնարհուին նաեւ եկեղեցիները, հողին կը հաւասարեցուին ապարանքները, որոնց մէջ հայոց արուեստն է, մեր մշակութային նմուշներն են ( իսկ ատոնց պատերուն մեր որմնանկարչութիւնն է, արուեստի այս ճիւղի բացառիկ նմուշները), լաւ՛, ասոնց հետ ինչպէս վարուի՞լ, հո հայրենիք չե՞ս կրնար տեղափոխել: Քեզի մէկ բան կը մնայ. այդ ամէնը դարձնել լուսապատկերներ, նաեւ յանձնել թուղթին: Եւ յանձնել սերունդներու յիշողութեան»,- կ’ըսէ Աւօ Յովհաննիսեան:
Ան արուեստագիտութեան դոկտոր Հրավարդ Յակոբեանի հետ հրատարակած է «Նոր Ջուղայի խօջայական պալատներու գեղարուեստական ձեւաւորումները» գիրքը, ուր զետեղուած են իր հարիւրաւոր լուսանկարները…
Լեւոն Մութաֆեան