Ատրպէյճանի Դեսպանը… «Ճանչցած Է» Լեռնային Ղարաբաղը

Ղարաբաղի մասին գրուած ամէն մի ճշմարտութիւն ու իրական փաստ ժխտելու մոլուցքով տարուած ատրպէյճանական պաշտօնեաներէն ու դիւանագէտներէն ոմանք երբեմն կը յայտնուին իրենց համար ոչ շահեկան իրավիճակներու մէջ` ընդհուպ մինչեւ թոյլ տալով իրենց համար ճակատագրական սխալներ: Քանի մը պարագաներու Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, չհասկնալով իրենց արտաբերած միտքերը, անուղղակիօրէն ճանչցած են Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը` հաստատելով, որ այն հայկական տարածք է եւ հայկական պետութիւն: Օրերս ալ Մեծ Բրիտանիոյ մօտ Ատրպէյճանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը այնպիսի յայտարարութիւն ըրած է, որմով Ատրպէյճանն ու Լեռնային Ղարաբաղը տարազատուելով, կը համարուին տարբեր պետութիւններ…

The Guardian պարբերականի լուսանկարիչ Անաստասիա Թէյլոր-Լինտը այցելած է Լեռնային Ղարաբաղ, ծանօթացած այս չճանչցուած պետութեան, անոր մարդկանց, ապա վերադառնալով` գրած է. «Լեռնային Ղարաբաղը` Ատրպէյճանի նախկին մէկ մասը, անկախութիւն  հռչակած է , սակայն աշխարհի ոչ մէկ երկիր չէ ճանչցած: Բայց մարդիկ այստեղ կ’ապրին, կ’ամուսնան, երեխաներ կ’ունենան…»: Այս հրապարակման անմիջապէս արձագանքած է Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Ֆահրադդին Ղուրպանովը, որ գրած է. «Արուեստի մարդիկ պիտի արուեստով զբաղուին եւ չխառնուին քաղաքական խնդիրներուն… Անաստասիա Թէյլոր-Լինտը  պարտաւոր էր նաեւ Ատրպէյճան այցելել, որպէսզի ծանօթանար հարկադրաբար փախստական դարձածներուն, որոնք վտարուած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գտնուող իրենց տուներէն»:

 Անշուշտ, այս պատասխանը անարձագանք չէ մնացած, եւ Մեծ Բրիտանիոյ լորտերու պալատի անդամ պարոնուհի Քերոլայն Քոկսը անմիջապէս ներկայացուցած է փաստեր ատրպէյճանցիներու` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կատարած վայրագութիւններուն մասին: Սակայն դեսպանի հրապարակման մէջ ուշագրաւն այն է, որ ան լուսանկարիչին մեղադրելով «անօրինական» այցելութիւններու մէջ, այնուհանդերձ խորհուրդ կու տայ այցելել… Ատրպէյճան: Այսինքն, ատրպէյճանական իշխանութիւնները կը յայտարարեն, թէ Ղարաբաղը Ատրպէյճանի բաղկացուցիչ մասն է, չեն ընդուներ անոր անկախութիւնը, իսկ ահա դեսպանը կ’առաջարկէ այցելել Ատրպէյճան: Այս հրապարակումը կը դառնայ եւս մի ուշագրաւ խոստովանութիւն, ապացոյց, որ Ատրպէյճանը կը զբաղի սոսկ հռետորաբանութեամբ` ըստ էութեան համոզուած ըլլալով, որ Լեռնային Ղարաբաղը շատոնց ինքնուրոյն պետութիւն է, եւ վերադարձ դէպի Ատրպէյճանի «գիրկ» ` չկայ…

Լ.Մ.

Scroll Up