Տեղի Ունեցաւ §Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի Անդամներու Հանդիպումը ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի Հետ

Մայիս 25-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ §Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներու հանդիպումը ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ:

Ողջունելով ներկաները` Հ. Յակոբեան ըսաւ. §Հայաստան հիմնադրամը մեր նորանկախ պետականութեան կարեւոր ձեռքբերումներից է, մի զօրաւոր ցանց, որը մեծապէս նպաստում է համահայկական խնդիրների լուծմանը: Ձեր նուիրումի ու ակտիւութեան շնորհիւ  հիմնադրամը շարունակում է իր գործունէութիւնը, նպաստում Հայաստանի ու Արցախի բարեկարգմանը, ապահովում է բազում ազգաշահ ծրագրերի շարունակականութիւնը»:

Նախարար Հ. Յակոբեան ներկայացուց գերատեսչութեան հնգամեայ գործունէութիւնը եւ իրականացուցած ծրագիրները, նախարարը հիմնադրամի տեղական մարմիններու ներկայացուցիչներուն կոչ ըրաւ յառաջիկային առաւել արդիւնաւէտ համագործակցիլ, նպաստել համայնքներու ներգրաւուածութեան ընդլայնման Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն:

§Սուրիահայերու հիմնախնդիրներու լուծման ուղղութեամբ  ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան իրականացուցած ձեռնարկները տեսաշարով ներկայացուց ՀՀ ՍՆ աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ  §Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի վարչութեան գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիպումը կազմակերպելու համար եւ ներկայացուց համագործակցութեան յետագայ հնարաւորութիւններն ու ատոնց հետ կապուած խնդիրները: Ա. Վարդանեան կարեւոր համարեց սուրիահայերու խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ նախարարութեան հետ համատեղ իրականացուցած ծրագիրները եւ յառաջիկայ ընելիքները :

Իրենց դիտարկումներն ու մտահոգութիւնները ներկայացուցին  եւ առաջարկութիւններով հանդէս եկան Հայաստան հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամները:

Ամփոփելով հանդիպումը` Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան առաջարկեց հիմնադրամի կեդրոնական եւ տեղական մարմիններուն միանալ նախարարութեան կողմէ ձեւաւորած տեղեկատուական դաշտին, պարբերաբար տրամադրել իրենց կողմէ իրականացուող ձեռնարկներու վերաբերեալ տեղեկութիւններ, համագործակցիլ ազգային ներուժի համախմբման ու արդիւնաւէտ կիրառման եւ այլ համահայակական նշանակութեան ծրագիրներու իրականացման գործին մէջ:

Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցան քննարկումներ:

Scroll Up