ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սեպուհ Արք. Սարգիսեանը
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Բարձրաշնորհ տէր Սեպուհ արքեպիսկոպոս Սարգիսեանը:
Զրոյցին ընթացքին Հ. Յակոբեան բարձր գնահատեց Թեհրանի Հայոց թեմի դերը Իրանի հայ համայնքի կեանքին մէջ եւ հայապահպանութեան գործին ներդրած ջանքերը: Նախարարը կարեւոր նկատեց նաեւ բարեխնամ առաջնորդի նուիրական առաքելութիւնը ի շահ համայնքին մէջ հոգեւոր արժէքներու պահպանման եւ հայրենիքի հետ կապերու ամրապնդման
Քննարկուեցան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Համայնքային օրեր Հայաստանի մէջ» ծրագիրի ծիրէն ներս Սպահանի Հայոց թեմի թեմական խորհուրդի եւ Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի հետ համագործակցութեամբ մայիս 21-24 Երեւանի մէջ տեղի ունեցող «Նոր Ջուղայի օրեր» խորագիրով ծրագիրին եւ Թեհրանի հայ համայնքին առնչուող խնդիրներ: