«Հօրս Մեծ Ցաւը…». Քիթ Ղարիպեան
Սա սիրոյ ու ցաւի պատմութիւն է, օտարութեան մէջ յայտնուած ընտանիքի մը պատմութիւնը: Եւ վերջապէս…սա փոքրիկ դրուագ մըն է հայրերու եւ որդիներու յաւերժական պայքարի…
Կը պատմէ գանատահայ գրող Քիթ Ղարիպեան…
Ես շնորհակալ եմ, որ Օտարագիր գրողներու համաժողովին մասնակցելու առիթ տրուեցաւ ինծի, ինչ որ հնարաւորութիւն կու տայ ճանաչելի դառնալ նաեւ Հայաստանի մէջ: Այս փաստը կարեւոր է ինծի համար. ես Գանատայի մէջ յայտնի եմ ոիբրեւ հայ գրող, ճանչցուած եմ նաեւ հայ համայնքէն ներս, Գանատայի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ կողմէն արժանացած եմ Ոսկէ մետալի, բայց Հայաստանի մէջ, ցաւօք, զիս չեն ճանչնար:
Ինծի համար մեծ ուրախութիւն է ու չափազանց յուզիչ, որ եկայ հօրս երկիրը եւ հնարաւորութիւն ունեցայ աչքերովս տեսնելու զայն: Միաժամանակ մեծ տխրութիւն կայ հոգիիս մէջ. ես կրցայ ընել բան մը, որ հայրս երբեք չկրցաւ ընել: Հայրս մահացաւ ու այդպէս ալ իր հայրենիքը տեսնելու առիթ չունեցաւ: Գուցէ հնարաւորութիւն չէ ունեցած, հնարաւոր է` ընտանեկան հոգեր, խնդիրներ ունեցած է: Դժուար էր այն ժամանակ Հնդկաստանէն Հայաստան գալը, իսկ Գանատա տեղափոխուելէ ետք արդէն տարիքը առած էր, թերեւս Հայաստանի մէջ տիրող քաղաքական վիճակն էր պատճառը: Ինծի համար դժուար է դատել… Երբեմն կը մտածեմ, որ պատճառը գուցէ այն էր, որ ան Հայաստանի մէջ ընտանիք, հարազատներ չունէր, ոեւէ մէկը, որ կրնար դիմաւորել զինք:
…Հայրս Տիգրանակերտէն էր: Ծանր զգացողութիւնները, ապրումները անոր ողջ կեանքի ուղեկիցը եղած են: Ան իր ներսը ունէրամբարած մեծ ցաւ մը , որ կը ցաւցնէր եւ´ զինք, եւ´ իր հարազատները… Ցաւ, որ այդպէս ալ ոեւէ մէկը չկրցաւ երբեւէ մեղմացնել ու «լռեցնել»…
Ցաւի արմատը
…Ցեղասպանութիւնն էր. հինգ ու կէս տարեկանին ապրած է Եղեռնի ողջ արհաւիրքը:
Ան մեծցած է Մերձաւոր Արեւելքի որբանոցներէն մէկուն մէջ: Իսկ երբ մեծ քոյրը կը տեղափոխուի Հնդկաստան, զինք իր մօտ կը կանչէ: Հնդկաստան ապրող անգլիացիներէն անգլերէն կը սորվի, մեքենաներու նորոգման մէջ կը հմտանայ:
Հնդկաստանի մէջ կը հանդիպի մօրս, որ անգլոհնդակցի էր. կը ծնինք ես եւ քոյրերս:
Իսկ արդէն մեծ տարիքին կը տեղափոխուի Գանատա, ուր կ’ապրէր իմ մեծ քոյրս:
Ժամանակի ընթացքին հայրս աշխատանքի մէջ յաջողութիւններու կը հասնի, կը դառնայ մեքենաշինական ձեռնարկութեան փոխտնօրէն, անոր գնորդները շատ յայտնի մարդիկ էին:
Այդ ձեւով մեր կեանքը փոխուեցաւ. մենք դարձանք միջին դասի յաջող ընտանիք:
Այո´, մեր կեանքը բարելաւուեցաւ, բայց իմ եւ հօրս յարաբերութիւնները` ոչ: Դժուար էր ոչ միայն ինծի, այլեւ հօրս համար. ան կարծես չէր գիտեր` ինչպէս հայր ըլլալ: Պատճառը երեւի այն էր, որ ան առանց հօր մեծցած էր: Մենք յաճախ կը վիճէինք…
Ես որոշ բաներ գիտէի հօրս ծննդավայրին, Հայոց ցեղասպանութեան մասին, բայց քանի որ լաւ յարաբերութիւններու մէջ չէի անոր հետ, Հայաստանի նկատմամբ «մերժողական» տրամադրուած էի:
Ես հայերէն չեմ գիտեր, որովհետեւ հայրս մեզի չէ սորվեցուցած, կ’ըսէր. «ինչներնուդ պէտք, միեւնոյնն է` պիտի չօգտագործէք»: Նաեւ, Պոմպէյի մէջ հայկական միջավայր չկար, շատ քիչ հայեր կ’ապրէին: Իսկ ան միայն իր հայ ընկերներուն հետ հայերէն կը խօսէր, երբեմն եկեղեցի կ’երթար, սակայն տարուէ տարի անոր հայերէնի իմացութիւնը կը տկարանար:
Ճամբորդութիւն իմ նախնիներու աշխարհ
Վերաբեմուս հօրս հանդէպ փոխուեցաւ անոր մահէն ետք. հայրս մահացաւ 1995 թուականին. ան 86 տարեկան էր:
Մահէն ետք, երբ իր տունը կը մաքրէինք, ես իր սենեակին մէջ գտայ «Մուսա լերան 40 օրը» գիրքը:
Թերեւս մեր «ամենաջերմ» զրոյցը մահուընէ առաջ տեղի ունեցաւ, երբ ան ինծի պատմեց իր կեանքի, Ցեղասպանութեան մասին: Ճիշդ է` ես գիտէի Եղեռնի մասին, բայց քանի որ հայկական միջավայրի մաս չէի զգար, շատ բաներ չէի կրնար հասկնալ:
Հօրս մահէն ետք իմ կեանքիս մէջ նոր փուլ սկսաւ: 2000 թուականին տպագրեցի իմ «Վիշտը» գիրքը. Ատիկա «ճամբորդութիւն» էր ծնողներուս աշխարհ:
Հօրս մահը դարձաւ նոր ծնունդս . ես փոխուեցայ, կարծես հասկցայ ու ներեցի իր դժուար բնաւորութիւնը, մեզի սիրոյ աղքատիկ փշրանքներ տալու համար: Իսկ, ընդհանրապէս, ան շատ բարի մարդ էր, ուրիշներուն կ’օգնէր, ձեռք կը մեկնէր:
Զիս փոխեց նաեւ գիրքիս արձագանգները, երբ հայկական համայնքը զիս «իրը» համարեց, գնահատեց գիրքս: Ես գրող ընկերներ ունէի եւ անոնց շնորհիւ աստիճանաբար մերձեցայ հայկական համայնքին հետ:
Ես սկսայ հետաքրքրուիլ Հայաստանով, անոր պատմութեամբ: Բացայայտելով Հայաստանը` ես կարծես վերադարձուցի հօրս: Ծանօթանալով Հայաստանի պատմութեան` ես սկսայ հասկնալ անոր, ցաւի, տխրութեան պատճառը…
Գիրքը իւրատեսակ «փոխհատուցում» էր Ցեղասպանութեան, թուրքերու կատարած բարբարոսութիւներուն:
Արարատի զաւակները…
10 տարի վերջ ես գրեցի «Արարատի զաւակները» գիրքը: Կը կարծեմ, որ իւրաքանչիւր հայ Արարատի զաւակն է: Արարատի զաւակը նախ եւ առաջ հայրս է, բոլոր այն մարդիկ, որոնք Եղեռնին զոհ գացին եւ յայտնուեցան որբանոցներու մէջ, եւ վերջապէս` աշխարհի չորս ծագերուն մէջ ապրող հայերը:
Ես ալ Արարատի զաւակն եմ, որովհետեւ հօրս որդին եմ:
Բոլորս միեւնոյն զգացողութիւնը ունինք. մեր ողջ կեանքի ընթացքին կ’ուզենք գտնել մեր տունը, վայր մը, ուր մենք մեզ ապահով կրնանք զգալ: Փնտռելու ընթացքին բոլորիս հայեացքները կը յառին Արարատին:
Այն, ինչ այդքան երկար կը փնտռէինք, կը գտնենք Արարատի մէջ, որովհետեւ ան յաւերժութեան խորհուրդ ունի, այն կարծես յաւերժական ճամբայ ըլլայ, եւ իր մեծութեամբ կը դառնայ մեր հայրենիքը:
Արարատը յաւերժ ներկայութիւն է, աշխարհն ալ այդ մասին գիտէ: Մենք լեռ ենք, մենք Արարատ ենք, մենք Արարատի զաւակ ենք…
Ո՞վ է հայը…
…Շատերը կ’ըսեն, որ հայը ան է, որ կը խօսի հայերէն, կ’երգէ հայերէն… Բայց այդպէս չէ. ես հայ եմ, թէեւ չեմ խօսիր հայերէն:
Ես անգլերէն կը գրեմ, բայց ես հայ գրող եմ: Եթէ հայերէն գիրքեր կրնան կարդալ ընդամէնը մի քանի միլիոն մարդ, ապա անգլերէն աւելի շատ մարդիկ կը կարդան: Եւ հարց կը ծագի` որ լեզուով գրելը մեզի համար շատ աւելի օգտակար է: Ես չեմ ըսեր, որ եթէ հայերէն կը գրես, գրածդ ոչ մէկը չի կարդար: Ըսածս այն է, որ եթէ ես հայերէն չեմ գրեր, ատիկա չի նշանակեր, որ ես հայ գրող չեմ:
Ցաւը օգնեց ինծի յաղթահարել ինքնութեան բարդոյթը եւ գտնել իմ արմատներս…
Ցաւը հօրս պատմութիւնն էր, մեր յարաբերութիւնները այդ ցաւով պատուած էին, բայց այդ ցաւը զիս վերադարձուց իմ ակունքներուս:
Ամենածանրը հօրս համար իր յիշողութիւններն էին…
Ան` հինգ ու կէս, մեծ քոյրը` եօթ տարեկան եղած է, երբ գաղթի ճանապարհին սպաննած են հօրը, իսկ մայրը մահացած է: Անոնք` քոյր ու եղբայր, ծառի մը տակ ձգած են իրենց երեքամեայ քրոջը եւ ըսած, որ ետ կու գան, բայց… այդպէս ալ չեն վերադարձած…
Այդ ցաւն էր, որ ամբողջ կեանքը կը մխար հօրս մէջ. ու՞ր է հիմա իր քոյրը, հաւանական է` որ հրաշքով փրկուած է, գուցէ սովէն մահացա՞ծ, ոեւէ մէկը չի կրնար ըսել … Եւ ինչպէ՞ս ապրիլ այդ ամէնէն ետք… Հաւանաբար հայրս չէ ուզած, որ այդ ցաւը մեզի հասնի ու այդ պատճառով այդքան լռակեաց էր, պաղ վերաբերմ ունէր մեզի հանդէպ…միայն հարցեր ու հարցեր…
Հիմա նաեւ կը հասկնամ, որ հայրս միակը չէր. իւրաքանչիւր հայ իր մէջ ցաւ ունի ամբարած…
Հայաստանիս մէջ ես դարձեալ լոյս աշխարհ եկայ` առանց ցաւի եւ աւելի լուսաւոր յիշողութիւններով…
Լուսինէ Աբրահամեան