«Կիւրճիեւ» Համոյթն Ապրիլեան Շրջագայութիւններուն Կը Բարձրաձայնէ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/03/գյուրջիև.jpg)
2008 թուականին Երեւանի մէջ հիմնադրուած «Կիւրճիեւ» համոյթին համար կարեւոր իրադարձութիւն էր աշխարհի ամենահեղինակաւոր ընկերութիւններէն մէկուն` Գերմանական «ECMrecords»-ի կողմէ 2015 թուականի Հոկտեմբերին հրատարակուած «Կոմիտաս» ձայնասկաւառակը` 30 էջնոց բազմաբովանդակ տեղեկատուութեամբ եւ լուսանկարներով: Տեղեկատուութիւնը գրած են երգահան Տիգրան Մանսուրեան եւ համոյթի հիմնադիր Լեւոն Էսքէնեան: Ձայնասկաւառակին անդրադարձած են աշխարհի լաւագոյն, յառաջատար լրատուամիջոցները, «Songlines Magazine» հանդէսն այն ընդգրկած է 2015 թուականի 10 լաւագոյն ձայնասկաւառակներու շարքին, իսկ ձայնասկաւառակի ստեղծագործութիւնները կը հնչեն «British Airways» օդանաւային ընկերութեան ինքնաթիռներուն մէջ:
Ձայնասկաւառակի թողարկումէն ետք համոյթն աշխարհի տարբեր երկիրներու կողմէ հեղինակաւոր փառատօններու մասնակցելու հրաւէրներ ստացած է: Ապրիլ ամսուն «Կիւրճիեւ»-ը համերգային շրջագայութեան պիտի մեկնի եւրոպական երեք երկիրներ: Մեկնարկը պիտի տրուի Ապրիլ 14-ին` Աւստրիոյ Քրեմս քաղաքին մէջ, ուր պիտի հնչեցնեն հայ հոգեւոր երաժշտութիւն, պիտի կատարեն Կոմիտասի եւ Գէորգի Կիւրճիեւի ստեղծագործութիւնները: Այնուհետեւ համոյթը պիտի մեկնի Յունաստան` Սմուրնիի քաղաքապետարանի հրաւէրով ելոյթ ունենալու «Փառնասոս» համերգասրահին մէջ:
«Ապրիլ 19-ին Աթէնքի մէջ կայանալիք համերգը, որուն ընթացքին պիտի հնչէ միայն Կոմիտաս, նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին: Մինչ այդ` համերգի նախօրեակին, հեռուստաալիքներէն մէկուն ուղիղ եթերով շուրջ մէկ ժամ հարցազրոյց պիտի տանք հայկական երաժշտութեան, նուագարաններու, Կոմիտասի եւ Կիւրճիեւի մասին: Աթէնքի մէջ համերգն աւարտելէ ետք կրկին պիտի երթանք Աւստրիա` Մոցարտի հայրենիք Զալցպուրկ քաղաք, ուր Ապրիլ 22-ին դարձեալ Կոմիտաս պիտի հնչեցնենք»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Լեւոն Էսքէնեան` աւելցնելով, որ Ապրիլ 24-ին` Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցի օրը, Տանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանատան եւ «Global Music» յայտնի համերգային կազմակերպութեան համագործակցութեամբ` Քոփենհակընի մէջ տանիացի միսիոներ Մարիա Եաքոպսընի եւ Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին նուիրուած համերգ տեղի պիտի ունենայ:
«Ասիկա հիանալի առիթ է` հայկական երաժշտութեան միջոցով մեր ժողովուրդին կողմէ երախտագիտութեան խօսք յղելու բարեսիրտ կնոջ յիշատակին: Մարիա Եաքոպսընը այն եզակի անհատականութիւններէն էր, որ հայ ժողովուրդին կողքին եղած է Ցեղասպանութեան ահասարսուռ օրերուն եւ իր ամբողջ կեանքը նուիրած հայ որբերուն: Այս պատմութեան քաջատեղեակ եմ, քանի որ ծնած եմ Լիբանան, ուր միսիոներուհին «Թռչնոց բոյն» մանկատունը հիմնադրած է»,-նշեց Լեւոն Էսքէնեան:
Զրոյցի աւարտին երաժիշտը կարեւոր համարեց, որ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ կազմակերպուող համերգային շրջագայութիւնը հէնց Ապրիլ ամսուն պիտի ըլլայ, քանի որ մէկ անգամ եւս հնարաւորութիւն պիտի ըլլայ երաժշտութեան միջոցով հնչեցնելու Հայոց ցեղասպանութեան հարցի արդարացի լուծման պահանջը:
Աւելցնենք, որ «Կուրճիեւ» համոյթի գործունէութեան նպատակը, որուն կազմին մէջ Հայաստանի յառաջատար երաժիշտներ ընդգրկուած են, հայկական աւանդական երաժշտութիւնը, հայ աշխարհահռչակ երաժիշտներ Կոմիտասի եւ գ. Ի. ԿիւրՃիեւի ստեղծագործութիւններն ու գործիքաւորումները ներկայացնելն է` այդպիսով մոռացութեան չմատնելով մեր ազգային հին նուագարանները, ինչպէս նաեւ` աշխարհին ցոյց տալու հայ ժողովուրդի մշակութային հարստութիւնները:
«Կուրճիեւ» համոյթը համերգներով շրջագայած եւ ելոյթներ ունեցած է շարք մը համերգասրահներու մէջ, միջազգային յայտնի փառատօններու մասնակցած Լիբանանի մէջ, Գերմանիոյ, Պրազիլիոյ, Արժանթինի, Իտալիոյ, Ռուսաստանի, Զուիցերիոյ, ՊԵրճիգայի, Փորթուկալիոյ, Հոլանտայի, Լեհաստանի, Ռումանիոյ, Աւստրալիոյ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ:
Կը գործէ նաեւ «Կուրճիեւ» համոյթի` gurdjieffensemble.com պաշտօնական կայքը:
Գէորգ Չիչեան