Ալմելոյի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Դասախօսութիւն

Մայիս 11-ին ՀԲԸՄ Նիտերլանտներու մասնաճիւղի հրաւէրով Ալմելոյի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ սրահին մէջ հիւրընկալուած էր Քալիֆորնիոյ համալսարանի դասախօս, յայտնի հայագէտ, դոկտոր-փրոֆէսոր Ռիչարդ Յովհաննիսեան:
Հանդիպման ներկայ էին Նիտերլանտներու մօտ ՀՀ դեսպան Ձիւնիկ Աղաջանեան, հայկական տարբեր կառոյցներու ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀԲԸՄ փոխնախագահ Յարութ Փալանջեան, որ ողջունեց Ռ.Յովհաննիսեանը` հրաւէրն ընդունելու առիթով:
Քանի որ մայիս 11-ը Նիտերլանտներու մէջ կը նշուի որպէս Մայրութեան օր, այդ առիթով Յարութ Փալանջեան ծաղկեփունջ նուիրեց փրոֆէսորի կնոջը` Վարդիթեր Յովհաննիսեանին:
Ելոյթով հանդէս եկաւ նաեւ ՀՀ դեսպան Ձիւնիկ Աղաջանեան:
Ռ. Յովհաննիսեան հանգամանօրէն ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքները: Լուսանկարներու եւ տեսաֆիլմերու միջոցով ներկայացուեցաւ ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին մէջ ապրող ծպտուած հայերու կարգավիճակը, անրադարձ եղաւ Համշենահայերու ներկայիս կեանքին, կենցաղին,զբաղմունքին եւ խնդիրներուն:
Հանդիպումը անցաւ ջերմ եւ հետաքրքիր մթնոլորտի մէջ:
Մանուկ Մկրտչեան
Ալմելօ, Հոլանտա